Ուրբաթ, 01. 08. 2025

spot_img

ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Ընդունուեցաւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեանի Կողմէ

Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2016-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունեց՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման տարբեր ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները՝ նախանշելով յառաջիկայի կատարելիքները: Ընկեր Սերխիօ Նահապետեան նախարարին ներկայացուց ՌԱԿ-ի յառաջիկայ ծրագիրները եւ նպատակները՝ նշելով, որ կուսակցութիւնը իր գործունէութիւնը ուղղած է հայապահպանութեան, Սփիւռքի կազմակերպումի եւ Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդման խնդիրներուն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձաւ բանակի մէջ իրականացող բարեփոխումներուն, բանակ-հասարակութիւն կապերու շրջագիծէն ներս՝ Սփիւռքի տարբեր կառոյցներու հետ համագործակցութեան ծրագիրներուն: Նախարար Սէյրան Օհանեան ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան ներկայացուց նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին ջանքերու կեդրոնացումը Հայաստանի մէջ, Արցախի եւ Սփիւռքի ազգային համախմբումը, երիտասարդութեան մօտ հայրենասիրութեան սերմանումը եւ բանակ-հասարակութիւն կապերու ամրապնդումը:

ՌԱԿ Կեդրոնական Մամլոյ Դիւան

1

2

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին