Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Թուրքիա Վերադարձուց Եւրոպական Խորհրդարանին Զեկոյցը

Եւրոպական խորհրդարանին մօտ Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւնը վերադարձուցած է՝ Թուրքիոյ մասին Եւրոխորհրդարանի տարեկան զեկոյցը, որովհետեւ անոր մէջ Անգարային կոչ կ՛ըլլայ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Վկայակոչելով թրքական «Միլլիյէթ» թերթին կայքը՝ Ermenihaber.am-ը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ Ապրիլին Եւրոխորհրդարանին կողմէ վաւերացուած սոյն զեկոյցին վերջնական օրինակը՝ Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւն հասաւ Յունիս 17-ին: Նոյն օրը առանց զեկոյցին հետ կապուած որեւէ գործընթաց իրականացնելու, Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւնը զայն վերադարձուց։

Օրին Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքըր սպառնացած էր, որ եթէ այս տարի եւս Թուրքիոյ մասին տարեկան զեկոյցին մէջ անդրադարձ ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան, ապա Թուրքիա պիտի անտեսէ զայն:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի եւս Թուրքիա վերադարձուցած էր Եւրոխորհրդարանին տարեկան զեկոյցը՝ նոյն պատճառաբանութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին