Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Մարդ Կոչուող Էակին Բնաջնջելու Մոլուցքը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Շնորհիւ մարդ արարածին, մօտ ապագային արեւմտաափրիկեան սեւ ռնգեղջիւրը աշխարհի վրայ գոյութենէ  դադրած է արդէն:

Այս կենդանիի տեսակէն մէկ հատ վերջին անգամ 7 տարիներ առաջ նշմարուած է Քամերոնի մէջ, սակայն այդ ժամանակէն ի վեր ոչ մէկ նշոյլ անկէ: Հետեւաբար Բնութեան Կարմիր Ցանկի Պաշտպանման Միջազգային Միութիւնը, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է այս կենդանատեսակի բացարձակ կորուստի մասին:

Փառք մարդ արարածին, որ իր որսորդութեան հաճոյքին յագուրդ տալու մղումով, նաեւ շահամոլութեան համար (ինչ կը վերաբերի ռնգեղջիւրի հազուագիւտ եղջիւրի  առեւտուրի շահութաբերութեան), յաջողած է իրագործել այս «վեհ» նպատակը:

Միեւնոյն կազմակերպութիւնը բնաջնջման կարմիր գիծի վրայ յայտարարած է այլ՝ անասուններու, միջատներու ու բոյսերու տեսակներ:

Սակայն երբեք զարմանալի չէ՝ երբ գիտենք, որ խօսքը կը վերաբերի «մարդ» կոչուող էակին, որ իր հաճոյքին, ցեղապաշտութեան կամ քաղաքական ու տնտեսական շահերուն համար պատրաստ է իր եղբայրակիցն անգամ բնաջնջելու։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին