Հալէպահայ Անի Արթինեանը գրեթէ չորս տարիէ Հայաստան է: Ամուսինը երկաթագործ է, նոր-նոր սկսած է աշխատելու: Երեք որդի ունի, կ՛աշխատի միայն միջնեկ տղան: Մեծ տղան աշխատանք կը փնտռէ, փոքր տղան կ՛ուսանի, ատամնաշար կ՛ուզէ դառնալ: Անին կը պատրաստէ անուշեղէնի տարբեր տեսակներ եւ կը փորձէ ձեւով մը օգնել ընտանիքին:
«Փախած եկած ենք: Առանց որեւէ իր, հագուստ վերցնելու եկանք Հայաստան: Օրուայ ծախսերը միայն կրնանք հոգալ: Բայց փառք Աստծոյ հիւանդ չըլլանք, հացի կարօտ չըլլանք, աշխատինք ու ապրինք», Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հալէպէն Հայաստան անցած ճանապարհը հակիճ նկարագրեց եւ այսօրուայ վիճակը ներկայացուց Անի Արթինեան:
Ան իր պատրաստած քաղցրաւենիքները ներկայացուցած է «Մարիոթ» հիւրանոցի «Արարատ» սրահին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէս-վաճառքին:
Անի Արթինեան կ՛ըսէ, որ կ՛աշխատի տունը, պատուէրներ կը ստանայ, ինքը կամ որդին կ՛առաքեն, կամ ալ պատուիրատուն կու գայ կ՛առնէ:
«Հալէպի կեանքը պէտք է մոռնանք, Հայաստանի կեանքով ապրինք: Դժուար է, այնտեղ ամուսնացած եմ, ունեցած ու մեծացուցած եմ երեք որդիներս: Ունեցած ենք տուն, խանութ, ամէն ինչ ձգած եւ եկած ենք: Բայց գոհ ենք, որ գոնէ մեր Հայրենիքին մէջ ենք: Միայն կ՛ուզեմ յաջողութիւններ ըլլան, որ այլ երկիր չերթանք: Հիմա կ՛երթան Գանատա, Ամերիկա, այս ու այն տեղ: Ես կ՛ուզեմ, որ բոլորը մնան Հայաստան: Թող ձեւով մը աշխատին ու մնան», նշած է ան:
Անի Արթինեանի ազգականները հակառակ պատերազմական գործողութիւններու եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած դժուարին պայմաններուն, կը շարունակեն մնալ Սուրիա. «Ամէն առաւօտ ցաւով կը հետեւիմ լուրերուն: Սթրեսի մէջ ենք միշտ: Մէկ մասը չ՛ուզեր տունը ձգել ու գալ, մէկ մասը Հայաստան հասնելու գումար չունի կամ ալ կ՛ըսեն երթանք ինչպէ՞ս ապրինք, եթէ գործ չգտնենք»:
Արդէն հինգ տարիէ Սուրիոյ մէջ պատերազմ է: ՄԱԿ-ի տուեալներով Սուրիոյ մէջ շուրջ 18 միլիոն մարդիկ կ՛ապրին, 7 միլիոնը տեղահանուած է: Սուրիոյ մէջ մինչեւ պատերազմը բնակած է 80 հազար հայ: Պատերազմական այս տարիներուն անոնց մեծ մասը լքած է Սուրիան` տեղափոխուելով Հայաստան, Լիբանան, Յորդանան, աշխարհի տարբեր երկիրներ: 17-20 հազար սուրիահայեր դեռ Սուրիոյ մէջ են: