Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Գերմանիա Պիտի Սառեցնէ՞ Թուրքիոյ Մէջ Իր Ներդրումները

Գերմանական մեծագոյն օրաթերթերէն «Տի Վէլթ» կը գրէ, թէ Գերմանիա կը պատրաստուի սառեցնելու Թուրքիոյ մէջ իր ներդրումները, որպէս հետեւանք Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հայկական բանաձեւի քուէարկութենէն ետք ստեղծուած լարուած կացութեան:

Խնդրոյ առարկայ լրատուութեան մէջ այդ քայլին որպէս պատճառ կը նշուին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քրտական քաղաքականութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութենէն ետք ստեղծուած իրարանցումը, ինչպէս նաեւ գերման երգիծաբանին առնչուած դէպքը, որու դէմ Էրտողան դատական հետապնդում պահանջած էր՝ զինք նուաստացուցած ըլլալու մեղադրանքով:

«Տի Վէլթ» հարցին կապակցութեամբ զրոյցներ ունեցած է Գերմանիոյ տնտեսական ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ: Անոնցմէ Վոլքէր Թրայէր, որ Գերմանիոյ առեւտրա-արդիւնաբերական պալատներու միաւորման արտաքին առեւտուրի բաժինի տնօրէնն է՝ ըսած է, որ 2017-ին թրքական շուկային մէջ գերմանական ընկերութիւններու տնտեսական նախատեսութիւնները ինք կը գնահատէ բաւական թոյլ: «Ապահովութեան վիճակը խաթարեց գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներու գործունէութիւնը։ Այդ պատճառով ալ նախագիծերու իրագործումը յետաձգուեցաւ։ Վերջին զարգացումները յատկապէս վնաս պատճառեցին միջին ձեռնարկատիրութիւններուն, իսկ մեծերը կրցան պահպանել իրենց ներդրումային ծրագիրները», յայտնած է ան:

Գերմանիոյ Ճարտարարուեստի դաշնակցութեան նախագահ Ուլրիխ Կրիլօ եւս առաջնակարգ խնդիր նկատած է ապահովութեան հարցը: «Մենք ցաւով կը հետեւինք վերջին շրջաններուն Թուրքիոյ զարգացումներուն։ Տնտեսութեան համար ապահով միջավայրը կենսական անհրաժեշտութիւն է։ Ներդրումներ կատարելու որոշումները ուղղակի կախեալ են ա՛յդ հանգամանքէն», ըսած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին