Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

«Արի Տուն» Ծրագիրի Երկրորդ Փուլին 95 Սփիւռքահայ Պատանիներ Ժամանած Են Հայաստան

«Արի տուն» Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան ծրագիրի երկրորդ փուլի ծիրէն ներս, 95 պատանիներ Հայաստան ժամանած են Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Հունգարիայէն, Մոլտովայէն եւ ԱՄՆ-էն` Հայրենիքը աւելի լաւ ճանչնալու նպատակով:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ կը ցանկան պատանիներուն մէջ տեսնել անընդմէջ Հայրենիք վերադառնալու ցանկութիւն:

«Մեր գործունէութեան նպատակն է, որ աշխարհի վրայ ապրող բոլոր հայ երիտասարդներուն տուն կանչենք,  անոնք կարենան ծանօթանալ Հայրենիքին, սիրել ու հասկանալ, որ եթէ իրենք կը յայտարարեն, որ հայ են, հիմքը ճիշդ այս երկիրն է: Կը ցանկանք, որ դուք այս օրերուն բարեկամներ ձեռք բերէք, որ այդ ընկերութիւնը շարունակուի երկար տարիներ: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ Հայաստանէն կ՛երթաք անընդհատ ունենալով այն միտքը, որ պէտք է վերադառնաք: Միայն այն երիտասարդը, որ տեսած է Հայաստանը, կրնայ լիարժէք հայ ըլլալ», ըսած է նախարարը:

Թուրքիա ծնած Սեւակ Փիլիպոսեանը առաջին անգամ է, որ  կը ժամանէ Հայաստան, որուն համար շատ ուրախ է: «Եկած եմ տեսնելու Հայաստանը, այստեղ լաւ ժամանակ անցնելու», ըսած է ան:

Իսկ Անժելա Ստեփանեանը  Ռուսիայէն եկած է. հեռուստատեսութեամբ լսելով ծրագիրի մասին` որոշած է անպայման դիմել: «Առաջին անգամը չէ, որ այստեղ եմ, սակայն հնարաւորութիւն չեմ ունեցած Հայաստանը լիարժէքօրէն տեսնելու, կ՛ուզեմ Հայրենիքս աւելի լաւ ճանչնալ, մարդոց հետ յարաբերիլ, մթնոլորտը շատ լաւ է: Վստահաբար աւելի  յաճախ պիտի գամ», «Հայերն Այսօր»-ի փոխանցմամբ նշած է Անժելան:

Հունգարիայէն ժամանած Նարեկը յուզմունքով շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի կազմակերպիչներուն եւ ըսաւ. «Ես կը զգամ, որ Հայաստանը իմ տունս է»:

«Արի տուն» Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան ծրագիրը, առաջին փուլի ծիրէն ներս համախմբած էր 63 պատանիներ, որոնցմէ շատերը Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր էին, իսկ միւսները ժամանած էին Ռուսիայէն, Պելառուսիայէն, Թուրքմէնիստանէն եւ ԱՄՆ-էն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին