Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող զօրավարժութիւններու մասին, ուր մասնաւորաբար ըսուած է.
«Համաձայն Վիեննայի 2011 թուականի Փաստաթուղթի 5-րդ գլխու 40.1.1 ենթակէտին` զօրավարժութիւնները ենթակայ են յայտարարման եթէ ընդգրկուած են`
- ամենաքիչը 9000 մարդիկ, ներառեալ աջակցող զօրքերը, կամ,
- ամենաքիչը 250 մարտական հրասայլեր, կամ,
- ամենաքիչը 500 մարտական զրահապատ մեքենաներ, կամ,
- ամենաքիչը 250 ինքնագնաց եւ հետագլոր (քարշարկուող) հրետանային միջոցներ, ականանետեր եւ ռէակթիւ համազարկային միջոցներ (100 մմ եւ աւելի):
«Վիեննայի 2011 թուականի Փաստաթուղթի արդիականացման վերաբերեալ քննարկումներու ժամանակ, երկիրները համաձայնութեան եկած են յայտարարելու այն զօրավարժութիւնը, որ ոչ թէ առաստաղներով սահմանուած է, այլ կը համարուի խոշորագոյնը (առաստաղները այստեղ չեն գործեր), որովհետեւ ներկայիս խոշորագոյն զօրավարժութիւն իրականացնող երկիրները հազուագիւտ են:
«Միաժամանակ համաձայն Վիեննայի 2011 թուականի փաստաթուղթի VII մասի 66-րդ կէտի պահանջներուն, եթէ հաշուետու տարուան մէջ նախապէս յայտարարուած զօրավարժութիւններէն բացի՝ մասնակից երկիրը ծրագրած է իրականացնել ծաւալներով աւելի մեծ զօրավարժութիւն, ապա պարտաւոր է հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ եւ սահմանուած կարգով այդ մասին ծանուցելու մասնակից բոլոր երկիրներուն: Կը տեղեկացնեմ, որ ԱՀ-ն ՎՓ-11-ի շրջանակներու մէջ տրուող տարեկան տեղեկատուութեամբ, Յունիս 17-էն 24-ը Նախիջեւանի մէջ զօրամասերու կառավարման մարմիններու մասնակցութեամբ անցկացուելիք՝ գործնական-մարտավարական զօրավարժութեան վերաբերեալ չէ ծանուցած մասնակից երկիրներուն:
«Այսպիսի պարագաներու համաձայն վերը նշուած կէտին, պետութիւնը պարտաւոր է այդ մասին ծանուցել հնարաւորինս անյապաղ, սակայն ԵԱՀԿ տեղեկատուական ցանցով զօրավարժութեան իրականացման մասին՝ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ մինչեւ հիմա ծանուցում չէ կատարուած»: