Հայագէտ, նախիջեւանագէտ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արգամ Այվազեան, Tert.am-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Նախիջեւանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական յուշարձաններու պահպանման խնդիրներուն:
Ան նշած է, որ Նախիջեւանի տարածքին 1998-2006 թուականներուն 27 հազարէ աւելի հայկական յուշարձաններ հիմնայատակ աւերուած են, իսկ ներկայիս ոչ մէկ յուշարձան կայ Նախիջեւանի տարածքին: Ան նաեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի միւս տարածքներուն մէջ մատի վրայ կը հաշուուին կանգուն մնացած հայկական յուշարձանները:
Խօսելով Արեւմտեան Հայաստանի մասին, ան դիտել տուած է, որ առ այսօր չկայ յստակ ցուցակ, թէ ո՛րքան յուշարձաններ ստեղծուած են հոն: «Բայց մօտաւոր, ոչ ճշգրտուած տուեալներով, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին առկայ է մօտաւորապէս 175-180 հազար հայկական յուշարձան, որոնք Եղեռնէն յետոյ աստիճանաբար աւերուած են, այսօր ալ անոր միայն 3-4 տոկոսը պահպանուած է եւ շատ անմխիթար վիճակի մէջ են», -ըսած է ան։
Արգամ Այվազեան մտահոգութիւն յայտնած է, որ պահպանուած յուշարձաններն ալ կրնան 15-20 տարիներ ետք գոյութիւն չունենալ, զուգահեռաբար աւելցնելով, որ Թուրքիան վտանգաւոր քաղաքականութիւն կը վարէ՝ մասնակիօրէն վերականգնելով հայկական յուշարձանները: «Այդպիսով Թուրքիան կ’ուզէ ցոյց տալ, որ ինք տէր կը կանգնի իր տարածքին վրայ եղած հայկական յուշարձաններուն, սակայն ես կը կարծեմ, որ անոնք ցուցադրական երեւոյթներ են, քանի որ անոնց հիմնական նպատակը՝ հայկական հետքէն ձերբազատուիլն է», -նշած է ան։
Հայագէտը նաեւ դիտել տուած է, որ հայկական յուշարձաններու պահպանման նպատակով՝ նախապէս առաջարկած էր ստեղծել համահայկական միջազգային կառոյց-կազմակերպութիւն, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններու մէջ մասնաճիւղեր ունենար եւ պետական ու անձնական միջոցներու ներդրումով զբաղէր յուշարձաններու պահպանման հարցերով, նաեւ Թուրքիոյ մէջ: Արգամ Այվազեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իր այդ առաջարկին ոչ մէկ կառոյց արձագանգած է: