Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

«Մենք Ենք Արցախը» Թեմայով Ձեռնարկ Պուշկինոյի ՄԷջ

Մայիս 29-ին Մոսկուայի մարզի Պուշկինօ  հայ համայնքէն ներս տեղի  ունեցած է «Մենք ենք Արցախը» խորագիրով ձեռնարկ, որ նուիրուած էր Արցախեան պատերազմին զոհուած հայ հերոսներուն, մայիսեան յաղթանակներուն, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են «Արգիշտ» հայկական մէկօրեայ դպրոցի սաները, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործի նուիրեալներ: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի կը յայտնեն «Արգիշտ» հայկական միօրեայ դպրոցէն:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցած են «Արգիշտ» ժողովրդական պարային համոյթը, «Արգիշտ» հայկական մէկօրեայ դպրոցի ժողովրդական գործիքներու ուսուցիչ Աւետիս Մանուկեան, «Արգիշտ» հայկական միօրեայ դպրոցի սաները:

Տառաճանաչ դարձած սաներուն «Արգիշտ» հայկական մէկօրեայ դպրոցի տնօրէն Ազնիւ Պարոնեան յանձնած է վկայականներ` մաշտոցեան այբուբենի բանալին ստանալու կապակցութեամբ:

«Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ռուս ժողովուրդին` մեզի այս հնարաւորութիւնը ընձեռելու համար, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին` յանձին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ հայ համայնքին`  այս լիազօրութիւնները ինծի վստահելու համար: Սիրելի՛ ուսուցիչներ, շնորհակալ եմ ձեզի, մենք ստանձնած ենք բարձր, վսեմ, միեւնոյն ժամանակ բարդ ու դժուար պարտականութիւն մը` օգնել սերունդներուն մնալ հայ ու ձգտիլ միտքի,  հոգիի ու մարմինի կատարելութեան: Մենք մեր երկիրի մշակոյթն ենք, լեզուն ու սովորոյթները Սփիւռքի մէջ: Եւ ի հարկե շնորհակալութիւն Ձեզի, իմ յարգելի սաներ եւ անոնց ծնողներ, որ որեւէ ջանք ու եռանդ չէք խնայեր` այս ամէնը իրականացնելու համար», իր խօսքին մէջ նշած է Ազնիւ Պարոնեան:

Դպրոցի սաները իրենց երախտագիտութիւնը  յայտնած են «Արգիշտ» հայ համայնքին, հայկական դպրոցի տնօրինութեան եւ ուսուցչական անձնակազմին, որոնց եռանդի ու ջանքերու շնորհիւ իրենք կրնան օտար հողի վրայ սորվիլ հայերէն գրել, կարդալ եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալ:

Ձեռնարկի աւարտին հայկական մէկօրեայ դպրոցի սաներու ծնողներուն, համայնքի հայապահպանութեան գործի նուիրեալներուն, «Արգիշտ» հայկական մէկօրեայ դպրոցի տնօրէն Ազնիւ Պարոնեան յանձնած է շնորհակալագիրեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին