Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Փախստականներու Համաշխարհային Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկին Սուրիահայերը Նոյնպէս Մասնակցեցան

Յունիս 18-ին Երեւանի Մարիոթ հիւրանոցի Արարատ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, Փախստականներու համաշխարհային օրուան նուիրուած` «Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» խորագիրով ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր ՄԱԿի ՓԳՀ-ն Օքսֆամ կազմակերպութեան հետ համատեղ` ՄԱԿի ՓԳՀ-ի Մենք կանգնած ենք փախստականներու կողքին եւ Օքսֆամի Սուրիոյ կողքին քարոզարշաւներու ծիրէն ներս:

Ձեռնարկին բացման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ ժամը 12:30-ին, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՄԱԿ ՓԳՀ գրասենեակի հայաստանեան մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրուիրթ եւ Օքսֆամ մասնաճիւղի տնօրէն Մարգարիտա Յակոբեան:

Ձեռնարկի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ տեղահանուած սուրիացի գործարարներու ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք եւ փախստականներու թեմատիկ լուսանկարներու ցուցահանդէս, յիշատակի մոմավառութեան արարողութիւն:

Հնչեցին սուրիացի տաղանդաւոր երաժիշտներու եւ ՄԱԿ ՓԳՀ  ազգային հետեւորդ, վաստակաւոր արուեստագիտուհի եւ երգչուհի Զարուհի Բաբայեանի ու իր Երգի արուեստանոցի սաներու կատարումները:

Ձեռնարկի աւարտին իրականացաւ փախստականներու պատմութիւնները ամփոփող ՄԱԿ ՓԳՀ «Խաչմերուկներ» գիրքին շնորհանդէսը: Ցուցադրուեցաւ սուրիացի ոճաբան Գէորդ Շադոյեանի փոքրերու հագուստի հաւաքածոն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին