Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

2015-ին Հայաստանի Երիտասարդական Հիմնադրամը Իրականացուցած է Շուրջ 330 Ծրագիր

ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան տան մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի (ՀԵՀ) հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Օրակարգային առաջին հարցով քննարկուած եւ հաստատուած է ՀԵՀ 2015-ի գործունէութեան տարեկան հաշուետուութիւնը: ՀԵՀ գործադիր տնօրէն Ալեքսանտր Տէր-Յովակիմեան զեկուցած է, որ հաշուետու տարուան ընթացքին հիմնադրամը իրականացուցած է շուրջ 330 ծրագիր, ներառեալ` ուսման վարձքի փոխհատուցման ծրագիրը, որմէ ընդհանուր առմամբ օգտուած է մօտ 900 ուսանող: Նշուած է, որ ուսման վարձքի փոխհատուցման ծրագրին ծիրէն ներս առաջին անգամ աջակցութիւն ստացած է նաեւ ՀՀ սահմանամերձ համայնքներէն 316 ուսանող: Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագիրով նիւթական աջակցութիւն տրուած է արտասահմանեան գիտաժողովներուն մասնակցութեան` 56, գիտական հետազօտութիւններու համար նիւթերու եւ սարքաւորումներու ձեռքբերման` 25, գիրքերու տպագրութեան` 5 յայտ: 149 շահառու խրախուսում ստացած է արտասահմանեան ամսագիրներու մէջ հրապարակուած յօդուածներու համար: Նշուած է, որ ծաւալուն աշխատանքներ կատարուած են նաեւ մարմնակրթութեան, առողջապահութեան, հասարակական-տնտեսական եւ զբաղուածութեան ոլորտներուն մէջ:

Հոգաբարձուներու խորհուրդը քննարկած եւ հաստատած է նաեւ ՀԵՀ 2016-ի պիւտճէն եւ 2015-ի նիւթական հաշուետուութիւններուն վերաբերեալ լսողական կազմակերպութեան եզրակացութիւնը: Այլ հարցով մը հաւանութեան արժանացած է «ՀՀ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ անվճար համակարգով չընդգրկուած ուսանողներուն ոչ մրցութային կարգով կրթաթոշակներու տրամադրման մասին» կարգը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին