Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Թէքէեան Կեդրոնի Ամպհովանիին Տակ «Արարատը Հայի Աչքերով» Նկարչական Եզակի Ցուցահանդէս

ՀՀ մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններու աջակցութեամբ, Երեւանի «Թէքէեան» Կեդրոնին մէջ բացուած է «Արարատը Հայի Աչքերով» խորագիրը կրող շարժական լուսանկարչական ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին:

Ցուցահանդէսի մասնակիցած են հայ լուսանկարիչներ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Պրազիլէն եւ ԱՄՆ-էն: Ցուցադրուած 32 լայնածաւալ աշխատանքները կը ներկայացնեն հայ ազգի խորհրդանիշ Արարատ լեռը, արուեստագէտներու ամենատարբեր ընկալումներով:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խումբ մը արուեստասէրներ եւ հիւրեր՝ Կիպրոսէն, Անգլիայէն, եւ Զուիցերիայէն:

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան, իր բացման խօսքին մէջ ողջունելով ներկաները ուրախութեամբ նշած է, որ այսպիսի ցուցահանդէսներ կազմակերպելը Թէքէեան Կեդրոնի յարկին տակ աւանդոյթ դարձած է, որ կը նպաստէ լուսանկարչական արուեստի զարգացման ու տարածման, ճանաչելի դարձնելով ժամանակակից արուեստագէտները: Տնօրէնը նաեւ խորին երախտագիտութիւն յայտնած է տիկին նախարարին, հայերու համար խորհրդանշական այս նիւթով ցուցահանդէսը այցելելու եւ անոր կայացման օժանդակելու համար:

«Իւրաքանչիւր հայու իղձն է՝ ամէն առաւօտ աչքերը բանալ եւ Արարատը տեսնել», նշած է ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, ողջունելով ցուցահանդէսի գաղափարը եւ բարձր գնահատելով աշխատանքները: Նախարարը նաեւ անդրադարձած է «Թէքէեան» Կեդրոնի կարեւոր դերին: «Որպէս մշակոյթի նախարար ես հպարտ եմ, որ ունինք այսպիսի մշակութային կեդրոն մը, որ արժանի է այն գաղափարախօսութեան եւ բովանդակութեան, որ ժամանակի ընթացքին պատմականօրէն դրած է Թէքէեան միութիւնը: «Թէքէեան» Կեդրոնը մեզի համար դարձած է հայ մշակոյթը ներկայացնող լաւագոյն օճախներէն մէկը, որու ձեռնարկները մշտապէս հետաքրքրութիւն կը  յառաջացնեն հանրութեան մօտ, եւ որու մասին կը վկայէ այսօրուայ ձեռնարկը: Կը շնորհաւորեմ ձեռնարկի կազմակերպիչները եւ մասնակիցները, նման հրաշալի աշխատանքներ ներկայացնելու համար», ըսած է ան:

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, Լոնտոնէն ժամանած Վարդան Ուզունեան, շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին եւ հիմնադրամի հոգաբարձուներուն՝ ձեռնարկի իրականացման մեծապէս օժանդակելուն համար, նշած է, որ ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի նաեւ Արցախի մէջ: Վարդան Ուզունեան նաեւ յոյս յայտնած է, որ «Թէքէեան Կեդրոն»  հիմնադրամի եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ համագործակցութիւնը կը դառնայ շարունակական եւ կեանքի կը կոչէ մշակութային արժէք ունեցող այլ ձեռնարկներ:

Հայրենի լուսանկարիչ Վահան Քոչար անդրադառնալով ցուցահանդէսի գաղափարին, նշած է, որ ցուցահանդէսը պէտք է ունենայ շարունակութիւն՝ «Արարատը Աշխարհի Աչքերով» խորագիրով եւ դառնայ միջազգային ցուցահանդէս մը ու շրջի աշխարհի բոլոր տարածքները, եւ առիթ հանդիսանայ՝ հայու մասին խօսելու եւ անոր բազմադարեան պատմութեան ակնարկելու:

«Թէքէեան» Կեդրոնի «Արարատը Հայի Աչքերով» ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 30 Յունիս 2016, որմէ ետք պիտի ներկայացուի Արցախի մէջ:

3

4

7

8

9

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին