Երեւանի մէջ Յունիս 18-24 առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Սայեաթ-Նովա փառատօնը: Այս մասին ըստ Panorama.am-ի յայտնած են Փառատօնի կազմակերպիչ Music of Armenia-էն։
Փառատօնին նպատակն է պահպանել եւ խթանել Սայեաթ-Նովայի ժառանգութիւնը եւ աշուղական մշակոյթը ընդհանրապէս: Քանի մը օրերու ընթացքին Սայեաթ-Նովա փառատօնը իր շուրջ պիտի համախմբէ բոլոր մակարդակներու եւ փորձառութեան երաժիշտներ` ի նուիրումն այս բացառիկ արժէքաւոր ժանրին:
Փառատօնին առաջին համերգը պիտի կայանայ Յունիս 18-ին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ: Ելոյթ պիտի ունենայ քամանչահար Յակոբ Խալաթեան, նաեւ Հանրապետութեան տարբեր դպրոցները ներկայացնող, հանրապետական եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրներ, որոնք ազգային նուագարաններու վրայ (քամանչա, քանոն, թառ, ուտ, տուտուկ, շուի) պիտի կատարեն Սայեաթ–Նովայի եւ այլ հայ աշուղներու ստեղծագործութիւններ: Ելոյթ պիտի ունենան նաեւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արտեմ Խաչատուրը (թառ) եւ Մեսրոպ Խալաթեանը (տափ), աշուղական երգերու լաւագոյն կատարող երգիչ Մուշեղ Յարութիւնեան: Առաջին անգամ ըլլալով պիտի հնչէ մեծանուն աշուղ Ջիւանիի նորայայտ «Շխալի» երգը, որ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ յայտնաբերած է Յակոբ Խալաթեանը:
Յունիս 22-ին Մէգերեան Կարպետ կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ երիտասարդ երաժիշտներու համերգ: Ելոյթ պիտի ունենան «Հաւասի» երիտասարդական խումբը, «Տաղարան» անսամպլը, «Միք’ս Արթ Ֆոլք» քուարթեթը, Արաքսեայ Ամիրխանեանը եւ «Տոնիկա» եռեակը:
Յունիս 24-ին պիտի կայանայ «Նռան գոյնը» ֆիլﬕ թուային վերականգուած տարբերակին դիտում-քննարկումը: Երեկոյի բանախօսներն են երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանը, երգչուհի եւ երգահան Լիլիթ Պիպոյեանն ու շարժանկարի քննադատ Ռաֆֆի Մովսիսեանը: