Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Արցախը Սահմանագիծին Վրայ Հետաքննութեան Մեքենականութիւններու Ներդրման Յատուկ Գործողութիւններ Կ՛ակնկալէ

Արցախը կ’ակնկալէ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հետաքննութեան մեքենականութիւններու ներդրման յատուկ գործողութիւններ: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի նշած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներու յառաջիկային սպասուող հանդիպման:

Ան նշած է, որ սահմանային հատուածին մէջ Վիեննայի հանդիպումէն յետոյ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանուին, զինադադարի խախտումը շատ աւելի քիչ է՝ քան եղած է 2 կամ 4 տարիներ առաջ:

Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով Ազրպէյճանը անկանխատեսելի պետութիւն է եւ կասկած կայ, որ ան ամէն ինչ պիտի ընէ գործընթացքը խանգարելու եւ երկարաձգելու համար` յառաջացնելով տարբեր խոչընդոտներ: Հետեւաբար ըստ անոր պէտք է աշխոյժ աշխատանք տանիլ, հնարաւորին չափ շուտ այդ մեքենականութիւնները ներդնելու համար: Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ այս հանդիպումները ուղղուած են աւելի շատ խաղաղութեան պահպանման, քառօրեայ պատերազմէն յետոյ ներկայ փուլին մէջ այլ հարցերու՝ մասնաւորաբար քաղաքականի քննարկում դժուար թէ ըլլայ: Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած է, որ առանց հետաքննական մեքենականութիւններու ներդրման, առանց այդ սկզբնական օղակին, անհնար պիտի ըլլայ առաջ անցնիլ:

Անդրադառնալով պատերազմէն յետոյ Արցախի վերականգնման գործընթացքին` Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ անիկա ընթացքի մէջ է:

Յունիս 20-ին ՍՓեթերզպուրկի մէջ պիտի կայանայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ: Հայաստանի ուԱզրպէյճանի նախագահներուն նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է Մայիս 16-ին Վիեննայի մէջ: Անիկա Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք նախագահներուն առաջին հանդիպումն էր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին