Գերմանիոյ կրթական ծրագիրին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ներառելու հարցը քննարկման դրուած է։ Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի նշած է Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի պետ Անթօ Ազնաւուրեան:
«Գերմանիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը լիարժէք ներկայացուած չէ: Այժմ կը քննարկուի, որ գերմանական կրթական ծրագիրին մէջ այդ թեման ներառուի: Ան պիտի նպաստէ, որ Գերմանիոյ մէջ ապրող տարբեր ազգերու ներկայացուցիչները, ներառեալ թուրքերը իմանան ճշմարտութիւնը, պատկերացում կազմեն, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ տեղի ունեցած է», ըսած է Անթօ Ազնաւուրեան:
Անոր խօսքով Հայոց Ցեղասպանութեան թեման դպրոցական ծրագիրին մէջ ներառելու փորձ եղած է արդէն: Իրականացած է փիլոթային ծրագիր մէկ նահանգի մէջ` Պրանտենպուրկի:
«Մենք կ՝ուզենք, որ այդ փորձը տարածուի ամբողջ Գերմանիոյ մէջ, բոլոր դպրոցներու գիրքերուն մէջ ներառուի Հայոց Ցեղասպանութեան թեման: Կը կարծեմ, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ընդունումը՝ յաւելեալ հող կը նախապատրաստէ նման ծրագիրի համար», ընդգծած է Անթօ Ազնաւուրեան: