Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

«Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալ Կը Նշանակէ Զայն Ընդունիլ Որպէս Համաշխարհային Յանցագործութիւն». Ռուանտացի Պատգամաւոր

Ռուանտայի խորհրդարանի պատգամաւոր Մուսապէյեզու Նարցիսի կարծիքով, միջազգային հանրութեան կողմէ իւրաքանչիւր ցեղասպանութեան ճանաչում՝ արդէն կը նշանակէ երեւոյթը ընդունիլ որպէս համաշխարհային յանցագործութիւն:

«Երբ Ռուանտայի մէջ տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւն, միջազգային հանրութիւնը կրնար զայն կանգնեցնել, սակայն չըրաւ, իսկ երբ միջազգային հանրութիւնը կ՛ընդունի որեւէ ցեղասպանութիւն, այդ կը նշանակէ, որ անոնք այժմ կը մտածեն այլ կերպով, ոչ այնպէս ինչպէս առաջ: Այս կը նշանակէ, որ այդ ցեղասպանութիւնը ոչ միայն այդ երկիրին ու ժողովուրդին է, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին, այսինքն անիկա համաշխարհային յանցագործութիւն է», ­ «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է պատգամաւորը:

Յունիս 2–ին Գերմանիոյ Պունտեսթակը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ունի «1915 եւ 1916 թթ. հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու Ցեղասպանութեան յիշատակին եւ ոգեկոչման մասին» անուանումը: Բանաձեւը ընդունուեցաւ ունենալով ընդամէնը մէկ դէմ եւ մէկ ձեռնպահ ձայն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին