Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ցաւակցագիր

15 Յունիս 2016

Ֆրանսուա Հոլլանտ
Վսեմաշուք Նախագահ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան

Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս սոյն գիրով կու գայ իր շարքայիններուն եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայութեան անունով խորին ցաւակցութիւններ յայտնելու Ձեզի, Ձեր երկիրին մէջ պատահած այն ահաբեկչական ոճիրին համար, որուն զոհ գացին ֆրանսացի բարձրաստիճան ոստիկան մը եւ իր կողակիցը:

Խստիւ դատապարտելի այս արարքը քստմնելի ոճիր մըն է, որ կը ցնցէ ոչ միայն ֆրանսացի ժողովուրդը, այլ նաեւ համայն մարդկութիւնը:

Նման դժուարին օրերուն, զորս կը դիմագրաւէ Ֆրանսան, Հայ ժողովուրդի զաւակներուն բարոյական պարտաւորութիւնն է՝ զօրակցիլ իրեն բարեկամ երկիրին մաղթելով, որ նմանօրինակ անմարդկային ոճիր մը վերջինը կ՛ըլլայ, որ կը հարուածէ Ֆրանսան:

Յարգանքներով՝

Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

Սեւակ Յակոբեան                                                                       Սերժիօ Նահապետեան
Ատենադպիր                                                                                      Ատենապետ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին