Քրեմլինը հաստատած է, որ յաջորդ Երկուշաբթի Ս․Փեթերզպուրկի Մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի, Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը, որու օրակարգին վրայ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրը:
Ասիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն երկրորդ հանդիպումը Ապրիլեան ճգնաժամէն ետք: Առաջին նման հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երեք պետութիւններու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն միջնորդութեամբ՝ տեղի ունեցած է Մայիս 16-ին Վիեննայի մէջ:
Քննարկումներուն մասնակցած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու ԱԳ նախարար Ճոն Քերրի եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով պէտական քարտուղար Արլեմ Տէզիրը:
Վիեննայի քննարկումներէն ետք միջնորդները յայտնած են, որ Յունիսին պիտի կազմակերպուի նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի նոր հանդիպումը:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը երէկ յայտնած է, որ Յունիս 20-ին Ս․ Փեթերզպուրկի մէջ Փութին նախ առանձին պիտի հանդիպի իր հայ եւ ազրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ, որմէ ետք պիտի սկսի եռակողմ քննարկումը:
Ուշաքովի փոխանցմամբ «պիտի ձեռնարկուին աշխոյժ քայլեր հակամարտութեան կարգաւորման հարցով՝ կողմերուն օգնութիւն ցոյց տալու ուղղութեամբ»:
Ռուսիոյ նախագահի օգնականը երէկ ընդգծած է, որ Մոսկուան վճռական դեր կատարած է Ապրիլին մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու գործին մէջ: Փութին քանի մը անգամ հեռախօսով զրուցած է Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ, երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարները եւ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապներու պետերը այցելած են Մոսկուա, իսկ Ապրիլի սկիզբը Երեւան եւ Պաքու մեկնած է վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը:
«Հիմա մենք կը շարունակենք մեր միջնորդական ջանքերը` մշտապէս եւ համապարփակ եղանակով համագործակցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի միւս երկու համանախագահող պետութիւններուն հետ եւ հիմնուելով այն յայտարարութիւններուն վրայ, որոնցմով 2009-2013 թուականներու ընթացքին հանդէս եկած են Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները: Տեսնենք, թէ ինչ պիտի տայ եռակողմ հանդիպումը, մենք պիտի իրագործենք շատ աշխոյժ եւ շահագրգիռ երկխօսութիւն», ըսած է Վլատիմիր Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով:
Յունիս 6-ին Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով նշած է, որ կայ շրջանակային պայմանաւորուածութիւններու հասնելու հեռանկար:
«Ինթըրֆաքս» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ ան ըսած է, թէ որոշակի փուլի մը, շրջանակային պայմանաւորուածութիւնները համաձայնեցնելէ ետք, հնարաւոր պիտի ըլլայ նաեւ բանակցային սեղանի շուրջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու վերադարձը:






