Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

Մեսրոպեանի Շրջանաւարտները Կ՛արձանագրեն Գերազանց Գնահատական

15 Յունիս 2016-ին Լիբանանեան Միջազգային Համալսարանի (LIU) Լեռնալիբանանի մասնաճիւղի ակադեմական տնօրէն դոկտ. Կապի Խուրի, ընկերակցութեամբ նոյն համալսարանի պատասխանատուներէն Ժորժ Ուահպէի, յատուկ այցելութիւն մը կատարեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, վարժարանի տնօրէնութիւնը շնորհաւորելու՝ համալսարանին մէջ Մեսրոպեանի նախկին աշակերտներու յաջողութիւններուն համար:

Դոկտ. Խուրի հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին հետ, որուն տեղեկացուց, թէ 2015-2016 տարեշրջանին Մեսրոպեանի շրջանաւարտ 5 աշակերտներ գերազանց յիշատակութեամբ աւարտած են իրենց համալսարանական ուսումը LIU–ի մէջ: Յիշեալ աշակերտներն են՝ Յովիկ Չիլինկիրեան, Մարիամ Սերայտարեան, Նայիրի Պուսուեան, Դալար Ալաճաճեան եւ Վան Տանակէօզեան: Անոնք համապատասխան վկայագիրներ ստացած են այդ առիթով 18 Մայիսին կայացած հանդիսութեան ընթացքին, Ռոայալ հիւրանոցին մէջ:

Դոկտ. Խուրի Մեսրոպեանի տնօրէնին յանձնեց նաեւ յատուկ յուշանուէր մը, առ ի գնահատանք աշակերտներու կրթութեան համար անոր կատարած աշխատանքին:

Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

????

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին