Հինգշաբթի, 19. 02. 2026

spot_img

Այսքան Կեղծիք Շատ Չէ՞…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Օրնալտօ շրջանին մէջ գտնուող միասեռականներու ժամադրավայրին մէջ, քանի մը օրեր առաջ պատահած ահաւոր ջարդէն (որուն զոհ գացին 49 անձեր) մօտաւորապէս տարի մը առաջ, Քենիոյ մէջ 147 ափրիկեցի ուսանողներ զոհ գացին նմանօրինակ կրակոցներու…:

Քանի՞ հոգի իմացաւ այս մասին… քիչեր: Ընկերային համացանցը այդ օրերուն լեցուեցա՞ւ զօրակցական գրառումներով… հազիւ թէ:

Մեզմէ քանի՞ հոգի իր «Ֆեյսպուք»ի նկարը Քենիոյ դրօշակով զարդարեց… քանի՞ հոգի Քենիոյ դրօշակ հագաւ… կամ քանի՞ հոգի Ժէ Սուի Քենիա գոչեց…:

Իսկ այսօր շա՜տ շատեր, ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը, միասեռականները յարձակումի ենթարկուած կը նկատէ ու զօրակցութիւն կը յայտնէ անոնց…: Միասեռականներու դէմ ոչ մէկ ժխտական կեցուածք ունիմ: Հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու սկզբունքին վրայ՝ կը ջատագովեմ ընկեր ընտրելու մարդ արարածի բացարձակ իրաւունքը, սակայն քիչ մը շա՜տ չէ՞ եղածը, չափազանցութիւն չէ՞ միասեռականներու յատուկ ծիածանի գոյն դրօշակներով արտայայտուիլ ճիշդ այն տեսակի մարդոց կողմէ, որոնք Քենիոյ դրօշակին ինչ գոյն ըլլալէն կամ այդ երկիրին գոյութենէն լուր իսկ չունին:

Ա՞յս է մարդկային արդարարութիւնը, հաւասարութիւնը, եղբայրակցութիւնը կամ մարդկայնութիւնը:

Այսքան կեղծիք շատ չէ՞…:

ՅԳ Ներողութիւն նկարներուն անպատշաճութեան համար, որոնք կը կրնան կարգ մը ընթերցողներ ցնցել կամ վիրաւորել զոհերուն սիրելիներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը, սակայն ինչպէ՞ս կարելի է բարձրաձայնել այլեւս այս ահաւոր անարդարութիւնը…:

 

1

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին