Բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան, ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը երէկ, Կիրակի 12 Յունիս 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:30ին, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ ներկայացուց «Հայկական Երաժշտական Կտորներ Լիբանանեան Կատարողութեամբ» նուագահանդէսը: Պարմանուհիներ եւ պատանիներ սքանչելի վարպետութեամբ նուագեցին հայ մեծանուն երգահաններու յօրինումները, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Տիկ. Ռիթա Ասիլեանի:
Հայ մշակոյթի կարեւոր մէկ երեսը ներկայացնող երաժշտութիւնը խանդավառեց բոլոր ներկաները: Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ: