Թուրքիան պէտք է յարգէ Սթամպուլի Սուրբ Սոֆիա տաճարին հանդէպ աւանդոյթները։ Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի յայտնած է ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարք Թոնըր:
Յոյն լրագրող մը խնդրած է Թոնըրէն մեկնաբանել թրքական իշխանութիւններուն որոշումը՝ հին յունական տաճարին մէջ Գուրանի ընթերցման վերաբերեալ, իսլամներուն համար սուրբ ամիս համարուող Ռամատանի ընթացքին:
«Մենք կ՛ընդունինք, որ Այա Սոֆիան բացառիկ նշանակութիւն ունեցող վայր է: Մենք կոչ կ՛ընենք թրքական կառավարութեան՝ պահպանել Այա Սոֆիան այնպէս, որ յարգուին անոր աւանդոյթները եւ անոր բարդ պատմութիւնը», ըսած է Թոնըր` օգտագործելով սրբավայրին յունական անուանումը:
Սուրբ Սոֆիայի մէջ Գուրանի ընթերցումը յառաջացուցած էր Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքը, ինչպէս նաեւ ուղղափառ հասարակութեան վրդովումը շարք մը երկիրներու, ներառեալ Ռուսիոյ մէջ: