Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Հայրենի Երաժիշտ Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի Յաջողութիւնները Յորդանանի Մէջ

*ՆԵՐՍԷՍ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ*

Այսօր հրապուրիչ եւ առինքնող արտայայտութիւններով է, որ հանդէս կու գան Յորդանանի որոշ կաճառներ, Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի    մատուցած երաժշտական ուսուցումներու կապակցութեամբ:

Հայրենիքի մէջ Վարդուհիի ձեռք բերած ուսումն ու հարուստ փորձառութիւնը, ինչպէս եւ ծնողական հեզահամբոյր դաստիարականութիւնը առաջնորդած են զինքը դառնալու՝ շնորհալի իր նկարագիրով եւ փափկանկատ ու բծախնդիր իր մասնագիտութեամբ:

Գրեթէ մէկ տարուայ ժամանակահատուածի կեցութեամբ Յորդանանի մէջ, Վարդուհին վերականգնեց Ազգային Մարզական Միութեան «Երեւան» երգչախումբը, ինչպէս եւ կազմեց «Վարդավառ» անունը կրող համագաղութային նոր երգչախումբ մը, բաղկացած 32 երգիչ-երգչուհիներէ:

ԱՄՄ-ի «Երեւան» երգչախումբը համագործակցութեամբ Հայաստանի Հանր. Սփիւռքի նախարարութեան, բարեյաջող ելոյթ ունեցաւ 2015-ի Սեպտ.–ին  Երեւանի մէջ, «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնին:

Վարդուհիի համբաւի մասին տեղեակ են շօշափելի թիւով վարժարաններու տնօրէնութիւններ:

Զոր օրինակ Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութեան Վսեմափայլ Թագուհի՝ Ռանիա էլ Ապտալլա Վարժարանի International Academy Amman «IAA»-էն ներս,Վարդուհիին ներդրումը երաժշտական  համերգի պատրաստութեան համար, աննախնթաց յաջողութիւն արձանագրեց իրենց երգչախումբի եւ մեներգողներու ելոյթներով:

Ուրախութիւն է արձանագրել, որ բոլոր երգերու մշակումը կը պարտին Վարդուհիին:

Հանդէսի ընթացքին հնչեցին մի շարք արաբական եւ անգլիական երգեր երգչախումբի ու անհատ կատարողներու մասնակցութեամբ: Երգերու բազմաձայն մշակումը կը պարտին իրեն՝ գիտնալով հանդերձ, որ Համերգի պատասխանատուն կը հանդիսանայ երկար տարիներու փորձառու ուսուցիչ, երաժշտական գործիքներու մասնագէտ Պրն. Ահմատ Ռուտայտան:

Համերգի ընթացքին հանդէս եկան լարային, փողային եւ հարուածային բաժինի աշակերտները իրենց փայլուն ելոյթներով, որոնց կը նուագակցէր Մեր Վարդուհին:

Հանդէսի աւարտին գնահատանքի խօսքեր արտայայտուեցան Հայրենի երաժիշտ Վարդուհիին կողմէ եղած անչափ ներդրումին:

Ուրախութիւն է իմանալ, որ նոյն ուսումնական ակադեմիայի քայլերգը Վարդուհիին կողմէ մշակուեցաւ բազմաձայնի:

Իսկ նոյն բազմաձայն Քայլերգը մեծ ուրախութեամբ հնչեց Ակադեմիայի աւարտական հանդէսին, որ կը վայելէր Նախագահութիւնը Վսեմափայլ Թագուհի Ռանիա Էլ Ապտալլայի:

Նոյն վարժարանը աշխատանքային նոր ծրագիրներ կ’ակնկալէ մեր Հայրենի երաժիշտ Վարդուհի Թորոյեան Ներսէսեանէն:

Վարդուհիին տարած լայնածիր աշխատանքները կ’ընդգրկեն եւս հետեւեալ հանրօգուտ միջոցառումները.

Ա.- Ամման Էլ Ուաթանիյէ բացառիկ համբաւ ունեցող վարժարանի մէջ, Վարդուհին կը դասաւանդէ որոշ դասարաններու: Վարժարանի Տնօրէնութիւնը այժմ վստահած է Վարդուհիին, որ ստանձնէ եկող տարուայ Վարժարանի հիմնական երգչախումբի պատրաստման պարտաւորութիւնը: Անկասկած, որ սոյն պարտաւորութիւնը կը շոյէ մեր հայեցիութեան հպարտութիւնը:

Բ.- Մեծանուն աշխարահռչակ երգչուհի Ում Քուլթումի երգերով կազմակերպուած մենահամերգի մը ընթացքին, Յորդանանի Պետական Համալսարանի Երաժշտական բաժինի Տնօրէն փրոֆեսօր Թայսիր լաւագոյնը նկատեց հանդիսութեան ընթացքին, որ իր դուստրին՝ երգչուհի  օր. Նատին Թայսիրի ձայնը վերամշակուի Վարդուհիին կողմէ:

Յորդանանի յայտնի երաժիշտներու նուագակցութեամբ կատարուած մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիսութեան աւարտին,  երգչուհի Նատին Թայսիր 500 հանդիսատեսներու առջեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վարդուհիին ըսելով, որ իր յաջողութեան մեծ մասը կը պարտի Հայաստանէն Յորդանան հաստատուած երաժշտագէտ Վարդուհիին բացառիկ կարողութիւններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին