Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հայաստանէն Պանիրի Արտահանումը Դէպի Ռուսիա Աւելցած Է 2 Անգամ

Ռուսիոյ կողմէ պարէնային արգելքի կիրառումէն ետք, առաջին անգամ արտասահմանեան պանիրի մասնաբաժինը սպառողական շուկային մէջ արձանագրած է նշանակալի աճ:

Ըստ Panorama.am-ի յարաբերականօրէն ամենամեծ աճը արձանագրուած է Հայաստանէն ներմուծուած պանիրի ծաւալին մէջ, որ 2016-ի առաջին քառորդին աճած է շուրջ 2 անգամ` կազմելով 1200 թոն:

«Կոմերսանտ» պարբերականի փոխանցած տեղեկութիւններով`  2016-ի առաջին քառորդին Ռուսիա ներմուծուած պանիրի ծաւալը կազմած է 49,3 հազար թոն, որ 31%-ով աւելի շատ է, քան ներմուծուած էր նախորդ տարուան միեւնոյն ժամանակահատուածին: Պելառուսիայէն պանիրի ներմուծումը աւելցած է 41%-ով (մինչեւ 41,8 հազար թոն), Սերպիայէն` 87%-ով (2,1 հազար թոն) եւ Հայաստանէն` երկու անգամ (1,2 հազար թոն):

Նշուած երկիրներէն Ռուսիա կը ներմուծուին յատկապէս միջին գին ունեցող աւանդական պանիրներու տեսակներ: Պելառուսիոյ մեծ մասնաբաժինը մասնագէտները կը բացատրեն աշխարհագրութեամբ եւ պելառուսական արտադրողներու արտահանման կողմնորոշուածութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին