Վերջին շրջանին Թուրքիոյ ոսկերչական արտադրանքին վրայ Ռուսիոյ կողմէ կիրառուող բարձր մաքսատուրքերուն պատճառով՝ դժուարացած է արտադրանքի արտահանումը Ռուսիա:
Ըստ ermenihaber.am-ի թրքական «Հիւրիյէթ» թերթը կը նշէ` Սթամպուլի յայտնի «Փակ շուկայ»-ի (Քափալըչարշը) ոսկերիչները արտադրութիւն կազմակերպելու համար, հայեացքները ուղղած են դէպի Հայաստան եւ Իրան: Աղբիւրը կը նշէ, որ Իրանի նոր բացուած շուկային մէջ իրենց տեղը ունենալու համար, Սթամպուլի ոսկերիչները սկսած են մասնակցելու այդ երկիրին մէջ կազմակերպուող ցուցահանդէսներու եւ քայլեր կը ձեռնարկեն այնտեղ համատեղ արտադրութիւններ սկսելու ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ ալ Սթամպուլի Քափալըչարշըի եւ Քույումճուքենթ թաղամասին մէջ կեդրոնացած ոսկերիչները, Ռուսիոյ կողմէ սահմանուած 42 տոկոսանոց տուրքէն խուսափելու նպատակով՝ սկսած են քայլեր ձեռնարկելու Հայաստանի մէջ արտադրութիւն կազմակերպելու ուղղութեամբ: Կը նշուի, որ բազմաթիւ ոսկերիչներ, որոնց մեծամասնութիւնը հայկական ծագում ունին, կը նախընտրեն Հայաստանը, քանի որ այստեղ աշխատուժը համեմատաբար աւելի աժան է:
«Ոսկերիչները կ՛երթան աւանդաբար բարձրակարգ ոսկերիչ ու արծաթագործ վարպետներով յայտնի այդ երկիրը, կը կազմակերպեն իրենց արտադրութիւնը եւ այնտեղէն ալ կ՛արտահանեն Ռուսիա ու յետխորհրդային տարածքի երկիրներ», կը գրէ թրքական թերթին կայքը`աւելցնելով, որ այդպիսով կը թեթեւնայ նաեւ ԵՏՄ երկիրներու ոսկերիչներու ծանրաբեռնուածութիւնը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Քափալըչարշը այցելող զբօսաշրջիկներու թիւի զգալի անկում կը նկատուի, որուն պատճառներէն մէկն ալ շուկայի մէջ գործունէութիւն ծաւալող ոսկերիչներուն Հայաստան տեղափոխուիլն է: Ըստ կայքին Քափալըչարշըի ամենայայտնի ոսկերչական սրահներէն 5-6-ը արդէն տեղափոխուած են Հայաստան ու այնտեղ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:
«Պնդումներ կան, որ Հայաստանէն ոսկերչական արտադրանքը մաքսանենգ ճանապարհներով կ՛անցնի Թուրքիա, ինչ որ տուրքերու կորստի պատճառ կը դառնայ:
«Ոլորտի պատասխանատուները եւ տեղափոխուած ընկերութիւններուն տէրերը չեն ցանկար այս նիւթով խօսիլ: Հիմնական վախը Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող արգելքն է», կը գրէ թրքական աղբիւրը: