Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Ուժեղ Անձրեւն ու Կարկուտը Մեծ Վնասներ Հասցուցած Են Եւ Մարդկային Կորուստ Պատճառած

Վերջին օրերուն Արցախի շարք մը բնակավայրեր յայտնուած են ուժեղ անձրեւներու եւ կարկուտի հարուածին տակ:  Վնասներուն չափերը կը ճշդեն ոչ միայն գիւղատնտեսութեան, այլ նաեւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան մասնագէտները: Ցաւօք  ուժեղ հեղեղներէն պաշտպանութեան բանակին մէջ մարդկային կորուստ եղած է:

Ըստ «Ռատիոլուր»-ի Հատրութի շրջանի Առաջամուղ  գիւղի համայնքի ղեկավարն ու գիւղացիները,  այս օրերուն շատերուն նման կը փորձեն որոշել իրենց յետագայ ընելիքը: Խնձորի չափով կարկուտը վնասած է ոչ միայն  գիւղատնտեսական հողահանդակները, այլ նաեւ փշրուած են բանկարաններու ապակիներ, տուժած է դպրոցին շէնքը:

Առաջամուղ այցելած են  քաղաքաշինութեան նախարարութեան մասնագէտներ, վնասները ճշդելու եւ գոյքագրելու համար: Նախարարութեան մասնագէտներուն խօսքով` վերականգնողական աշխատանքները  պիտի մեկնարկեն անյապաղ, սակայն իրականութեան մէջ այդ մէկը կապուած է եղանակային պայմաններուն:

Առաջամուղցիներուն նման  վերջին օրերու ընթացքին բերքի կորուստ ունեցած են տասնեակ այլ բնակավայրերու գիւղացիներ:

Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը բաւական ընելիք ունի ուժեղ անձրեւներու եւ կարկուտի վնասի չափերը յստակացնելու համար: Արդէն իսկ պարզ է, որ աշնանացանի  բերքը` յատկապէս գարիի, շարք մը տարածքներու մէջ պիտի  չհնձուի: Գարնանացանի պարագային նախարարութեան մասնագէտները խորհուրդ կու տան կրկին մշակութիւն  կատարել:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին