Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Boston Globe-ը ԱՄՆ-ին Կոչ Կ՛ընէ Հետեւելու Գերմանիոյ Օրինակին

Ամերիկեան հեղինակաւոր The Boston Globe պարբերականի խմբագրակազմը կը յորդորէ ԱՄՆ-ը՝ օրինակ վերցնելու Գերմանիայէն եւ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:

«Բարոյական ուժով Գերմանիան հայերու կոտորածը Ցեղասպանութիւն անուանեց» վերնագիրով խմբագրականին մէջ պարբերականը կը գրէ.

«Ընդունուած բանաձեւին մէջ Գերմանիան կ՛ընդունի 1916-1917 թուականներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն գերմանական Ռէյխի յանցակից ըլլալը: Բանաձեւին մէջ 6 անգամ յստակ յղում կը կատարուի Հոլոքոսթին: Գերմանիոյ կառավարութիւնը երբեք չէ մաքրազերծած ինքզինք նացիներու իրականացուցած ցեղասպանութենէն, եւ ահա նոյն այդ պատճառով հայերուն` հարիւրամեայ վաղեմութեան կոտորածին դատապարտումը առանձնայատուկ բարոյական ուժ ունի»:

Պարբերականին խմբագրակազմը կ՛անդրադառնայ նաեւ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ նկատուող լարուածութեան, փախստականներու ճգնաժամի հարցով ԵՄ-Թուրքիա համաձայնութեան, Գերմանիոյ վարչապետին համար դժուար քաղաքական իրադրութեան` նշելով, որ այնուամենայնիւ Ցեղասպանութեան մասին պատմական ճշմարտութիւնը չափազանց կարեւոր էր` զայն քաղաքական հարցերուն զոհաբերելու համար:

«Գերմանիոյ կառավարութիւնը առաջինը չէ, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն Գերմանիոյ կողմէ ճանաչումը յատկանշական է, որովհետեւ ատիկա կու գայ ազգէ մը, որ պայքարած ու առերեսուած է իր սեփական մութ անցեալին: ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը պարտաւոր է օրինակ վերցնելու Գերմանիայէն: ԱՄՆի ոչ մէկ նախագահ ցանկացած է օգտագործել «G» բառը` բնութագրելու հայերը բնաջնջելու Թուրքիոյ փորձը: Մինչդեռ Ուաշինկթըն արդէն մէկ դարէ գիտէ ճշմարտութիւնը»,- ըստ «Մետիամաքս»-ի՝ կը գրէ պարբերականը:

Թերթը կը յիշատակէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաուի վկայութիւնները եւ նամակները, որոնց միջոցով ամերիկացի դիւանագէտը տեղեակ պահած է ԱՄՆ ղեկավարութիւնը հայերուն նկատմամբ ծրագրուած բնաջնջման եւ տեղահանութիւններուն մասին:

«Մորկենթաուն շատոնց կենդանի չէ, Օսմանեան կայսրութիւնը եւս: Սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը այնուամենայնիւ անփոփոխ է: Թուրքիոյ պաշտօնական ժխտողականութիւնը շարունակական վիրաւորանք է սպաննուած հայերու յիշատակին հանդէպ: Աւելին անիկա համաշխարհային ասպարէզի մէջ Թուրքիոյ սեփական վարկանիշի զաւեշտալի աղաւաղումն է: Արդէն շատոնց ժամանակն է, որպէսզի թուրքերը ազնուօրէն վերաբերին իրենց պատմութեան, եւ այն ազգերը, որոնք իրենք զիրենք Թուրքիոյ դաշնակիցները կը համարեն, ինչպէս Միացեալ Նահանգները, դադրին ստորադասելէ ճշմարտութիւնը քաղաքական նպատակայարմարութեան», կը գրէ The Boston Globe-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին