Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Մինչեւ Ե՞րբ Այս Երկու Չափ Երկու Կշիռը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Սիրելի ընթերցող դուն գիտե՞ս, թէ մինչ միջազգային մետիան (լրատուութիւնը) մեզի կը զբաղեցնէ ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններով, կամ անջրպետի մէջ նոր մոլորակի մը յայտնաբերումով եւ կամ այսինչ դերասանուհիին կամ բնորդուհիին (model) մարմինին չափերով, աշխարհի զանազան մոռցուած անկիւններու մէջ կը պատահին դէպքեր, որոնցմէ գրեթէ անտեղեակ է համայն մարդկութիւնը…:

Արդեօ՞ք գիտենք, որ օրինակի համար Սոմալիոյ մէջ վերջերս միայն 29,000 փոքրիկներ սովամահ եղած են եւ շուտով անոնց պիտի յաջորդեն ուրիշ 30,000 փոքրիկներ… մինչ միջազգային մետիան այդ մասին գերեզմանային լռութեան մէջ է…:

Այս մէկը միակ օրինակը չէ դժբախտաբար: Նմանօրինակ մարդկային աղէտներ շատ են ամէնուրեք, սակայն միջազգային մետիայի լրատուութիւնը կը մնայ ընտրովի…:

Մինչեւ ե՞րբ այս երկու չափ երկու կշիռը…։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին