Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Հրապարակի Վրայ է «ՌԱԿ Մատենաշար»ի Նոր Հրատարակութիւնը

Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ «ՌԱԿ Մատենաշար»ի երկրորդ գիրքը՝ «Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային – Քաղաքական Գործունէութիւնը» Գիրքը, որ ընդլայնուած եւ վերանայուած Բ. հրատարակութիւնն է իր նախկինին, որոնց հեղինակն է մեծանուն կուսակցական գործիչին զաւակը՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը՝ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի վաստակաշատ տնօրէնը:

440 էջ բովանդակութեամբ այս լաթակազմ գիրքը կ՛ընգրկէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութեան կարեւոր մէկ հանգրուանը՝ «Զարթօնք»ի եւ ԹՄՄ-ի հիմնադրութիւնը եւ կուսակցութեանս Լիբանանի ազգային-քաղաքական կեանքի մասնակցութիւնը մեծանուն ընկեր Մկրտիչ Մսըրլեանի կեանքին ընթացքին:

Ստանալու համար կարելի է դիմել «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն +961 1 444225 կամ կապուիլ՝ RagMadenashar@gmail.com

 

Like our Page:

https://www.facebook.com/RAGmadenashar/

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին