Ճարտարապետ, ճարտարագիտութեան պատմաբան Ատնան Մորշետը (Ուաշինկթըն), անդրադարձած է Պանկլատեշի մայրաքաղաք Տաքայի մէջ հայկական համայնքի կեանքին` զուգահեռներ գծելով երկու ժողովուրդներուն միջեւ նաեւ ցեղասպանութեան գծով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը։
«Կը թուի, որ Թուրքիան որդեգրած է Ցեղասպանութեան ժխտման ծաղրանկարային պատմութիւնը: Յունիս 2-ին Գերմանիոյ կողմէ Օսմանեան Թուրքիոյ` 1915 թուականի իրականացուցած հայերու սպանդի ճանաչումէն յետոյ Էրտողանի արձագանգը կանխատեսելի էր: Անգարան Պերլինէն ետ կանչեց դեսպանը: Շատ ծանօթ երեւոյթ է, քանի որ Պանկլատեշի դեսպանը նոյնպէս ետ կանչուեցաւ անմիջապէս «ռազմական յանցագործ»-ի մահապատիժէն յետոյ, որ կը բացայայտէ Էրտողանի ծիծաղելիօրէն անփոյթ վերաբերմունքը Պանկլատեշի մէջ 1971 թուականին տեղի ունեցած ցեղասպանութեան նկատմամբ: Յատկանշական է հայերու եւ պանկլատեշցիներու ընդհանրական պատմութիւնը, եւ թէ ինչպէս այդ պատմութիւնը տարբեր ուղիներով կերտած է երկու ժողովուրդներու ազգային դիմագիծը: Տաքայի մէջ հայկական հարուստ պատմութիւն կայ. Հին Տաքայի մէջ գտնուող Սուրբ Յարութեան եկեղեցին ճարտարապետական ապացոյցն է, թէ ինչպէս հայ ժողովուրդը սփռուած է իր պատմական Հայրենիքի սահմաններէն դուրս», կը ներկայացնէ պատմաբանը` շեշտելով Հայաստանի աշխարհագրական կարեւոր դիրքը:
«Երկիրը միշտ եղած է մրցող քաղաքական ուժերու` պարսիկներու, յոյներու, արաբներու ենթակայութեան տակ: Հայերը նաեւ մեծ դեր ունեցած են համաշխարհային ճարտարապետութեան ոլորտին մէջ: Չկայ որեւէ յստակ ժամանակագրութիւն, թէ անոնք երբ ժամանած են Տաքա: Որոշ պատմագիրներու խօսքով` ատիկա 17-րդ դարու սկիզբն է: Տաքայի կեանքին մէջ հայերու կարեւորագոյն ներդրումներէն մէկը նաեւ կառքի ներմուծումն է, որ դարձաւ քաղաքի գլխաւոր փոխադրամիջոցը մինչեւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակը:
Հայկական փոքր, բայց հարուստ համայնքը նաեւ մեծապէս նպաստած է Տաքայի քաղաքացիական կեանքին: 1848 թուականին Նիկոլաս Պօղոսը հիմնած է մասնաւոր դպրոց, որ մինչեւ այժմ Հին Տաքայի հեղինակաւոր դպրոցներէն մէկն է: Տաքայի մէջ հայերու կրօնական կեանքը ծաւալած է Սուրբ Յարութեան եկեղեցւոյ շուրջ, որ կառուցուած է 1781 թուականին: Եկեղեցւոյ տարածքը քաղաքին նուիրաբերած է ազնուական Աղա Խաչիկ Մինասը, որուն կինը յուղարկաւորած են եկեղեցւոյ մէջ: Անիկա այսօր ալ կանգուն է, եւ կից տապանաքարերը կարծէք կը տանին անցեալ` դէպի այն ժամանակները, երբ հայերը առանցքային դեր ունեցած են քաղաքի կեանքին մէջ: Դժուար է չկարեկցիլ հայերուն յատկապէս անոնց եւ մեր «անտեսուած» ցեղասպանութիւններու ծիրէն ներս», կ՝եզրափակէ ճարտարապետը: