Մեծ Բրիտանիոյ ելեւմտական նախարար Ճորճ Օսպըրնի կարծիքով՝ Թուրքիան մօտ ապագային չի դառնար Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյեթ» պարբերականի հաղորդած տեղեկութիւնները։
Օսպըրնը հրաւիրուած է BBC-ի պատրաստած հաղորդման, որուն ընթացքին ան խօսած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հնարաւորութեան մասին:
«Այնքան ատեն որ ես ողջ եմ, չեմ կարծեր, թէ Թուրքիան կը դառնայ ԵՄ-ի անդամ: Կ՝ըլլա՞յ արդեօք Թուրքիան ԵՄ-ի անդամ: Ո՛չ: Թուրքիան նահանջ կ՛ապրի: Այնտեղ մարդոց եւ ժողովրդավարութեան հետ կապուած հարցերու մէջ լուրջ խնդիրներ կան», նկատած է նախարարը:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ այս պահուն Մեծ Բրիտանիան կողմնակից չէ, Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան: Ըստ Օսպըրնի բրիտանական կառավարութիւնը շուտափոյթ կերպով պիտի յայտնէ իր դիրքորոշումը՝ Թուրքիոյ ԵՄ-ին անդամակցելու հարցով:
Հաղորդման ժամանակ Օսպըրնին յիշեցուցած են, որ ոչ վաղ անցեալին Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կողմ էր Թուրքիոյ անդամակցութեան:
Նշենք, որ երկու շաբաթէն Մեծ Բրիտանիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրաքուէ, որմով պէտք է յայտնի դառնայ երկիրը կը շարունակէ՞ ըլլալ ԵՄ-ի անդամ, թէ՝ ոչ: Թրքական աղբիւրը կը նշէ, որ ԵՄ-ի կազմէն Մեծ Բրիտանիոյ դուրս գալու կողմնակիցներէն է արդարադատութեան նախարարը, որ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար Եւրոպայի մէջ վիզայի վերացումը մեծ վտանգ կ՛ենթադրէ: