Նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով՝ ի պատիւ պետական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանի, Յունիս 8-ին նախագահի նստավայրին մէջ տրուած է պետական ընդունելութիւն: Բաժակաճառին մէջ Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման բաժակ բարձրացուցած է Հայաստանի երջանիկ ապագայի համար եւ նշած, թէ կը ցանկար մտորել այն հարցին շուրջ, որ կը միաւորէ Հայաստանն ու Չեխիան:
«Այսօր ճաշէն ետք չեխ երիտասարդ լրագրող մը, որ ոչ բաւականաչափ կեանքի փորձ ունի, ինծի հարցուց, թէ ո՞ւր կ՛աւարտի Ցեղասպանութեան սահմանը: Ես անոր պատասխանեցի` իմ երիտասարդ ընկեր, ես մէկ օրինակ կը բերեմ` Եւրոպայի մէջ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ, կազի խուցերու եւ այլն սպաննուած է 6 միլիոն հրեայ, բայց քանի մը հազար, հնարաւոր է քանի մը տասնեակ հազար մնացած են: Եւ դուք կ՛ուզէք ըսել, որ ատիկա ցեղասպանութիւն չէ՞, քանի որ քանի մը հազար մարդ մնացա՞ծ է:
«Նոյն բանը կը վերաբերի հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան: Որոշ մարդիկ կ՛ըսեն` որոշ վերապրողներ մնացած են, ատիկա Ցեղասպանութիւն չէ: Իսկական անհեթեթութիւն: Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ մեզ կը միաւորէ ճակատագիրը, քանի որ իմ ժողովուրդս դատապարտուած պիտի ըլլար ցեղասպանութեան` նացիական Գերմանիոյ կողմէ Համաշխարհային պատերազմի յաղթանակի պարագային», panarmenian.net-ի փոխանցմամբ ըսած է Չեխիոյ նախագահը՝ ընդգծելով, որ անոնք, որոնք կը ժխտեն այդ Ցեղասպանութիւնը, նոյն անոնք են, որոնք կը ժխտեն հոլոքոսթը:
Նախագահ Զեման շեշտած է, որ մարդիկ, որոնք զայն կը ժխտեն, պարզապէս վախկոտներ են: «Ես երբեք, պարո՛ն նախագահ, սիրալիր քաղաքական գործիչ չեմ եղած: Անոնք պարզապէս վախկոտներ են: Կը խօսին մարդու իրաւունքներու մասին. որոշ մարդոց համար մարդու ամենագլխաւոր իրաւունքը ցոյց ընելն է կառավարութեան դէմ: Իմ դէմս ալ ցոյց ըրած են, այլ գործիչներու դէմ ալ, ատիկա բնական է: Բայց ատիկա մարդու ամենագլխաւոր իրաւունքը չէ: Մարդու ամենագլխաւոր իրաւունքը` կեանքի իրաւունքն է:
«Եւ բոլոր անոնք, որոնք կը ժխտեն այդ իրաւունքը, ոչ մէկ իրաւունք ունին խօսելու մարդու այլ իրաւունքներու մասին: Ես կը ցանկամ բաժակ բարձրացնել կեանքի իրաւունքի համար», ըսած է Չեխիոյ նախագահը:
ՀՀ նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Քարլովի համալսարանին մէջ հայագիտական նիւթերու դասաւանդման վերականգնման:
«Վաստահ եմ, որ այդ մէկը թոյլ կու տայ չեխ երիտասարդութեան առնչուելու հայկական մշակոյթին, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ ճանչնաելու հայ ժողովրդին եւ անոր աւանդոյթները:
«Ինչպէս ըսած է յայտնի չեխ մանկավարժ-մարդասէր Եան Ամոս Քամենսկին` «Դպրոցը մարդկութեան դարբնոցն է»: Հայ ժողովուրդը աւելի քան կը գիտակցի այս բառերու բովանդակութեան խորութիւնը, քանի որ գոյութեան հարիւրամեակներու ընթացքին մէկ անգամ չէ, որ կեանքը վտանգի ենթարկելով փրկած է արժէքաւոր ձեռագիրներ, որպէսզի անոնց միջոցով սորվեցնէ ու զարգացնէ յետագայ սերունդները: Յուսով եմ, որ հայ ուսանողներն ալ շուտով հնարաւորութիւն կ’ունենան առնչուելու չեխերէնի հետ:
«Չեխերէն ուսումնասիրելու եւ չեխական մշակոյթը ճանչնալու ցանկութիւնը պայմանաւորուած է անով, որ Հայաստանի մէջ գիտեն եւ կը սիրեն չեխ ժողովուրդի մեծ զաւակներուն` Գաշէկին, Կաֆկային, Դուորժակին, Սմեթանային եւ այլոց, որոնց անմահ ստեղծագործութիւնները կը շարունակեն հիացնել եւ դաստիարակել մարդկութեան նորանոր սերունդներ: Եւ զարմանալի չէ, որ հայերու համար Չեխիան եւ յատկապէս Պրահան միշտ եղած է զբօսաշրջութեան սիրելի ուղղութիւններէն մէկը», իր բաժակաճառին մէջ ըսած է Սարգսեան:
Սարգսեան մէջբերած է չեխ գրող Միլան Կունտերայի խօսքերը. «Ընկերութիւնը մարդուն հարկաւոր է անոր համար, որպէսզի անոր յիշողութիւնը ինչպէս հարկն է աշխատի: Յիշել իր անցեալը, մշտապէս պահել զայն հոգիին մէջ` ատիկա է անհրաժեշտ պայմանը, որ թոյլ կու տայ, ինչպէս կ՛ըսեն պահպանել մեր «ես»-ի ամբողջականութիւնը»:
Նախագահը ընդգծած է, որ այս խօսքերը կարելի է վերագրել նաեւ հայ եւ չեխ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ու յիշողութեան, որ ամուր յարաբերութիւններու լաւագոյն հիմքն է: