Յունիս 4-ին 3-15 տարեկան աւելի քան 25 հայ երախաներ հաւաքուած էին Սոֆիայի Հայ ազգային տան մէջ, ներկայացնելու համար իրենց նկարչական տաղանդը: Այս մասին կը յայտնեն Պուլկարիոյ հայոց թեմէն:
Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան առաջարկով, Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Իսահակ վարդապետ Պօղոսեան Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան կապակցութեամբ կազմակերպած էր այս ձեռնարկը, որուն աջակցած էին Սոֆիայի հայկական կառոյցները:
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը երախաներուն ներկայացուց քանի մը հետաքրքրական հայկական զրոյցներ ու աւանդապատումներ` պատկերազարդ նկարներով, որոնց հիման վրայ երախաները հնարաւորութիւն ունեցան պատկերագրելու իրենց երեւակայութիւնը: Այդպէս ճերմակ թուղթերու վրայ յայտնուեցան գոյնզգոյն պատկերներ, որոնք հաւաքուեցան որպէսզի ուղարկուին Հայաստան:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը կը պատրաստէ մանկական նկարներու բացառիկ հաւաքածոյ մը՝ «Ճանչնալ զիմաստութիւն» խորագիրի ներքոյ: Պուլկարահայ մանուկները յոյս ունին, որ իրենց նկարները եւս տեղ կը գտնեն այդ հաւաքածոյին մէջ: