Գերմանիոյ Պունտեսթակի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ Հինգշաբթի օր Գերմանիոյ խորհրդարանի նիստը բացած է` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հասցէին խիստ յայտարարութիւն կատարելով:
Նախապէս Էրտողանը յայտարարած էր, որ թրքական ծագումով գերմանացի պատգամաւորները, որոնք քուէարկած են Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի օգտին, պէտք է արեան քննութիւն յանձնեն, քանի որ անոնց ծագումը կասկած կը յառաջացնէ:
«Մասամբ ատելութեամբ լեցուած սպառնալիքներ… հնչած են ցաւօք, նաեւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն մէջ: Այն, որ 21-րդ դարուն ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած նախագահը, գերմանական Պունտեսթակի ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած պատգամաւորներու հասցէին իր քննադատութիւնը կը կապէ՝ անոնց թրքական ծագման հարցով կասկածներու հետ, անոնց արիւնը «փճացած» է կ՛անուանէ, ես անհնարին կը համարէի», ըսած է Լամերթ աղմուկ յառաջացնելով դահլիճին մէջ, ուր ներկայ եղած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել:
Լամերթի խօսքով գերմանացի խորհրդարանականները պատրաստ են մասնակցելու քննարկումներու եւ ենթարկուելու քննադատութեան, բայց «ան, որ կը փորձէ սպառնալիքներու միջոցով ճնշում գործադրել առանձին պատգամաւորներու վրայ, պէտք է իմանայ, որ ան կը յարձակի ամբողջ խորհրդարանին վրայ»: Նախագահը աւելցուցած է, որ Պունտեսթակը «համապատասխան կերպով կ’արձագանգէ ատոր»` օրէնքով իր ենթակայութեան տակ գտնուող գործիքներուն օգնութեամբ:
«Ես կ՛ընդգծեմ մեր ինքնին ակնյայտ համերաշխութիւնը բոլոր գործընկերներու հետ, որոնք իրենց քաղաքական գործունէութեան առնչութեամբ կ՛ենթարկուին սպառնալիքներու կամ ճնշման», ըսած է Պունտեսթակի ղեկավարը:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ, որուն աջակցած էր պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը, դէմ արտայայտուած էր միայն մէկը, իսկ ուրիշ պատգամաւոր մը մնացած էր ձեռնպահ: