*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Արաբ-իսլամական կրօնի մէջ սուտ խօսելու երկու օրինական ձեւեր կան, մէկը Մաարիտ կը կոչուի, իսկ միւսը Թաքիա: Մաարիտը՝ իրականութիւնը ոչ յստակ ձեւով ներկայացնել կը նշանակէ, իսկ Թաքիան կեղծաւորութիւնն է: Այս երկու սուտի ձեւերը ապաշխարութեան եւ զղջումի կարիքը չունին, որովհետեւ սխալ կամ մեղք չեն համարուիր: Օր մը արաբ կրօնաւոր մը, ուրիշ կրօնաւորի խօսքերը քննադատելով կ’ըսէ՝ «այս Թաքիա չէ այլեւս, այլ ստախօսութիւն է» (որպէս թէ կը տարբերին իրարմէ):
Հիմա թուրքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդարացնող Մաարիտով մը հանդէս եկաւ ըսելով՝ «ապահովական պատճառներով մենք հայերը տեղափոխեցինք»: Կարճ նախադասութիւն մը եւ երկու մեծ Մաարիտներ: Առաջին Մաարիտը՝ «Ապահովական Պատճառ» եզրը: Ինչպէս կարելի է հաշտեցնել այս պատճառաբանութիւնը, երբ սահմանէ հեռու քաղաքներու հայութիւնն ալ «տեղափոխուեցաւ»: Երկրորդ Մաարիտը՝ «տեղափոխութիւնը» բառն է: Անշուշտ եղածը տեղափոխութիւն չէր, այլ արմատախիլ ընել էր, հայը իր մայրենի կենսատու հողէն բաժնելով:
Ինչ եւ է, այս սուտը կամ Մաարիտը թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւններ տարիներ շարունակ «քալեցուցին» իրենց ժողովուրդին վրայ: Թրքական պատմութեան դասագիրքերը այս Մաարիտը կ՛ուսուցանեն որպէս անհերքելի ճշմարտութիւն: Յիշեցնենք միայն, որ Մաարիտ խօսիլը սխալ կամ մեղք չէ:
Գերմանիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին անդրադառնալով, թուրք Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի յայտարարեց՝ «հայերը տեղահան ընելը, զանոնք ոչնչացնել չի նկատուիր: Պետութիւնը պաշտպանելու համար տեղի ունեցած տեղահանութիւնը արդարացի է… եթէ այսօր նման որոշում մը տրուի, պէտք է դարձեալ իրագործուի»: Ահաւասիկ տարիներ շարունակուած Մաարաիտը կը շարունակուի: Ոչ միայն այդ, այլ եթէ կարիք ըլլայ, դարձեալ զայն կրկնելու պատրաստութիւն կայ:
Հիմա ես պիտի ըսեմ՝ «այս Մաարիտ կամ Թաքիա չէ, այլ ճիշդ ինքն՝ սուտն է»: Ապահովութի՞ւն եւ տեղահանութի՞ւն… հապա 1915-էն ետք գործադրուած «տեղափոխութիւններ»ն ու ջարդերը, ինչպէ’ս կը բացատրուին արդեօ՞ք թուրք իշխանութիւններու կողմէ: «Տեղահանութիւնը արդար է եւ պատրաստ ենք զայն կրկնելու» արտայայտութիւնը, օրինականօրէն «ոճրային արարք կատարելու պատրաստութիւն» կը համարուի, ուր ոճրագործը իր ոճիրը բարձրաձայն յայտարարելէ ետք, անգամ մը եւս զայն կրկնելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ:
Այս մտայնութեան տէր իշխանութիւնները Եւրոպական Միութիւն կ’ուզեն մտնել եւ եւրոպացիք ալ իրենց հետ սակարկութեան կը մտնեն այս առնչութեամբ: Միջին Արեւելքը ահաբեկիչներով լեցնելէ ետք, ներկայի սուլթանները կ’ուզեն կամուրջ դառնալ ահաբեկիչներուն ու Եւրոպայի միջեւ:
Մաարիտը որպէս ճշմարտութիւն դասագիրքերու մէջ արձանագրող եւ դասաւանդող մարդոց խոստումին կրնա՞նք հաւատալ: