Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Երկու Զինծառայողներ Մահացած Են Առատ Անձրեւէն Յառաջացած Հեղեղին Հետեւանքով

Տեղացած առատ անձրեւէն յառաջացած հեղեղի եւ զօրաւոր քամիի հետեւանքով՝ Յունիս 8-ի գիշերը՝ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ անհետ կորսուած են N զօրամասի ժամկէտային զինծառայողներ՝ կրտսեր քսանապետ Վարդան Կարապետի Ղրմաճեանը եւ շարքային Արմէն Պաւելի Գազարեանը:

ՀՀ Քննչական կոմիտէի մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝  դէպքը տեղի ունեցած է ժամը 00:30-ի սահմանին:

Ձեռնարկուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք՝ Վարդան Ղրմաճեանի դին յայտնաբերուած է ժամը 05:45-ի սահմաններուն, իսկ Արմէն Գազարեանի դին ժամը 09:30-ի սահմաններուն` յարակից տարածքներէն:

Երկրորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ՝ դէպքին առիթով նիւթեր կը նախապատրաստուին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին