*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
Արուեստագէտ հոգի մը:
Առաւել՝ արուեստաբան ու գեղագէտ, երբ կը վերլուծէ գեղանկարչութիւն եւ թատրոն, այսինքն՝ հոգիները ալեկոծող գիծ եւ գոյն, լոյս եւ ստուեր, շարժում եւ ձայն:
Ապա մտաւորական լայն պաշարի տէր գրիչ մը, որուն հայեացքը կը խորաչափէ մարդ էակին յուզաշխարհը, երբ ան կը մօտենայ հայ գիրին ու գիրքին, կամ մարդկային ընկերութիւնը յուզող հարցերուն եւ կը ստորագրէ յօդուածներ ու խոհեր, իբրեւ հրապարակագիր ու խմբագիր, ստանձնելով նաեւ քաղաքական մտածողութեան մը առաջատարի դերը: Շատ զգայուն այս կէտին մէջ, ան պիտի ըլլար որքա՜ն զուսպ եւ ժուժկալ, նոյնքա՛ն եւ զգաստ, սթափ եւ յախուռն:
Թէքէեանի նման ապրեցաւ ան, պոհեմ ու բանաստեղծի կեանք մը՝ առանց ստորագրած ըլլալու քերթուած մ’իսկ, սակայն իրն ալ արուեստագէտի եւ արուեստաբանի հոգի մըն էր, որ կը նմանէր «հանքի մը – ոսկի՞, ածո՞ւխ թէ կապար – որուն վերջին խաւը հազի՜ւ թէ քրքրեցին հեղեղները… մինչ հրաբուխ մը խորունկ անոր ներքեւ կը գոռար…»: (Վ. Թ.)
Ես չեմ այն բախտաւորներէն, որոնց վիճակուած է այդ հանքը քրքրել ու մակաբերել, հասնելու համար ընդերքին, որ Գր. Քէօսէեանի հոգին է, ընդգրկուած իր հրատարակած առանձին երկերուն մէջ, կամ ցրուած սփիւռքահայ գրական թէ առօրեայ մամուլի էջերուն: Իմս համեստ փորձ մըն է միայն հպանցիկ ակնարկով մը վերստին դիտելու՝ վերոյիշեալ աւելի քան վաթսունամեայ վաստակը Քէօսէեան երգիծանկարիչին, արուեստաբանին ու գեղագէտին, քննադատին ու մտաւորականին, խմբագիրին ու հրապարակագիրին:
Այս ամբողջութիւնը կը յատկանշուի ճիշդ այն բառերով, որոնք կու գային իրմէ բնորոշելու համար Գառզուն, եւ ինծի կ՛իյնայ զանոնք վերընծայել նաեւ իրեն, Քէօսէեանին.- «Խռովեալ հոգի մը, տագնապեալ խիղճ մը եւ անձկալից խղճմտանք մը» («Գառզու» էջ 63):
* * *
Քէօսէեան ծնած է Ալեքսանտրէթ, 9 Յունիս 1930-ին: 1938-ին երբ Քէօսէեանի ծննդավայր Ալեքսանտրէթ քաղաքը «փոխան 30 արծաթի» նուէր կը տրուէր Թուրքիոյ, մանկապարտէզի վկայականով մը, իր ծնողաց հետ կը տեղափոխուի Պէյրութ: Իր ուսումնական կազմաւորումը կը ստանայ նախ Ղազար Չարըգի եւ ապա Սէն Կրէկուար Երկրորդական Վարժարանէն ներս, Վազգէն Այգունիի առաջնորդութեամբ: Այստեղ է, որ կը տիրանայ ինչպէ՛ս սորվելու եւ ուսանելու գաղտնիքին: Կ’ըլլայ անյագ ընթերցող եւ ուսանող՝ իմացական եւ գեղագիտական երկերու: Սէն Ժոզէֆ համալսարանի քանի մը տարիները եւ ապա՝ Փարիզի ABC արուեստի վարժարանէն ստացած նկարչութեան եւ գծագրութեան վկայականը, իր մէջ կը նուիրագործեն հաստատուն հիմքը ապագայ արուեստագէտին՝ իբրեւ երգիծանկարիչ եւ արուեստի քննադատ՝ թատերախօսական եւ նկարչական իր վերլուծումներով:
Գրիգոր Քէօսէեանի գործունէութիւնը տարածուած է հիմնական երկու հաւասար շրջաններու, դիտուած ե՛ւ ժամանակի եւ աշխարհագրական վայրերու տեսանկիւնէն:
Առաջին քառորդ դարը՝ Պէյրութ:
Երկրորդ շրջանը՝ շուրջ կէս դար, նոյնքան եւ աւելի տարիներ՝ արտասահման: Նախ Փարիզ (1976-82), ապա Պոսթըն (1982-էն ցայսօր):
Քէօսէեան երբ կը մեկնէր Փարիզ արդէն հեղինակն էր քանի մը հարիւր յօդուածներու, ակնարկներու եւ արուեստաբանական խորունկ ուսումնասիրութիւններու: Իր մօտ ունէր արդէն առաջին փորձը Գառզուին նուիրուած ուսումնասիրութեան, զոր 1976-82, Փարիզ գտնուած շրջանին պիտի ամբողջացնէր անհրաժեշտ վերհպումներէ եւ խորացումներէ ետք:
Հետեւաբար ինչպէ՞ս ներկայացնել բազմախորհուրդ հոգին Քէօսէեանին, 60-ամեայ իր համապարփակ գործունէութեամբ:
Ա. Մտաւորականը, հրապարակագիրն ու խմբագիրը
Կ’ենթադրեմ, որ անգամի մը համար կ’արժէ յիշատակել, թէ Քէօսէեանը 1951-ին տակաւին համալսարանական ուսանող բայց ոչ-վկայեալ տակաւին, համալսարանաւարտ ուսանողներուն եւ հանրութեան համար հրաւիրուած էր դասախօսելու իմաստասիրական հարցերու շուրջ: Սոյն դասախօսութենէն այդ թուականին կարգ մը հատուածներ լոյս տեսեր էին «Պրիսմակ»ի էջերուն: Այս էր եղած իր մուտքի անցագիրը մեր մտաւորական կեանքին, եւ անկէ ետք ան պիտի ըլլար նաեւ հայ գիրի ու մամուլի մարդը:
Հրապարակագրութեան կը սկսի 1957-ին «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ, ուր լոյս կը տեսնեն իր առաջին տոմսակները եւ երգիծանկարները Արամ եւ Արա գրչանուններով:
Մաս կազմած է խմբագրական մարմիններուն «Շիրակ» գրականութեան ամսագիրին, «Սփիւռք» շաբաթաթերթին՝ իբր հիմնադիր անդամներէն մէկը, եւ ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Խօսնակ» ամսագիրին: 1982-1995 վարած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Պայքար» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը, Պոսթըն: Աշխատակցած է նաեւ Փարիզի «Յառաջ» եւ «Նոր Յառաջ» թերթերուն, «Նոր Օր» եռօրեային եւ «Անկախութիւն» երկշաբաթաթերթին (ԱՄՆ):
Սակայն իբրեւ յանձնառու եւ դիրքորոշում պարտադրող հրապարակագիր, ան հեղինակ է նաեւ ազգային-ընկերային նիւթերով առաջնորդող յօդուածներու եւ խմբագրականներու, որոնք լոյս կը տեսնեն, երբ կը վարէր Պոսթընի «Պայքար» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը, ուր ի պաշտօնէ գրեթէ ամէն շաբաթ ունէր իրեն վերապահուած սիւնակը: Այդ էջերը հարուստ էին բազմազանութեամբը նիւթերու.- ազգային-տեղային-միջազգային, մերթ եկեղեցական եւ ընկերային հարցերու շօշափումով, ուր կը բանաձեւուէր ՌԱԿ-ի դիրքորոշումը: Քէօսէեանի ոճը պարզ է ու դիւրահաղորդ: Սլաքը՝ դիպուկ: Վճիռները՝ առարկայական եւ անկաշկանդ: Անկեղծութիւնը՝ չափանիշ իր զգաստութեան եւ իրաւախոհութեան:
Բ. Երգիծանկարիչը
Տիրական գիծը իր մօտ երգիծանկարչութիւնն էր: 1950-60ական թուականներուն լիբանանահայ մամուլի մէջ («Զարթօնք» օրաթերթ, «Շիրակ» ամսագիր եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթ), երիտասարդ ու թարմ ոյժ մըն էր Գր. Քէօսէեան: Այդ ժամանակահատուածին իր ստորագրութեամբ ունեցած ենք շուրջ յիսնեակ մը երգիծանկարներ: Արուեստագէտ բնորոշումը չի պայմանաւորուիր քանակովը իր երգիծանկարներուն, այլ սեղմ ու ժլատ գիծերով կեանքի կոչուած երգիծանկարներու ստեղծագործութեամբը: Անշուշտ քանակին առատութիւնը պիտի աւելցնէր մեր ստացած հոգեկան բաւարարութիւնը. երեւոյթ մը, որ մեր մէջ պիտի զարգացնէր ու շոյէր մեր ինքնասիրութիւնը:
Իր երգիծանկարներուն մէջ կը գտնէք ոչ միայն ծիծաղ, այլեւ շղարշուած ողբերգութիւն: Այդ շարքէն «Սարուխան իր հերոսներով», «Գերսամ Ահարոնեան», «Միքայէլ Կիւրճեան», «Արամ Խաչատրեան», «Հր. Սեդրակեան», «Աշոտ Պատմագրեան», «Գէորգ եւ Սեսիլ Քեշիշեան», «Մարդը» շարքը, «Հրատարակիչի մը Արկածները», «Ազգային Մամուլ», «Ես Հայ Ազգն Եմ» եւ «Հայկական Առածներ» էջերը մնայուն ու վաւերական ապացոյցը կը կազմեն իր տաղանդին, որ ափսո՜ս շեղեցաւ իր հունէն, այս անգամ մեզի ընծայաբերելու համար…։
Գ. Արուեստաբանը
Ըսի՛ թէ շա՜տ է տարածուն Քէօսէեանի ստեղծագործական միտքի եւ մշակումի ընդգրկած տեսադաշտը: Սակայն ան կը մնայ իբրեւ անկրկնելի հեղինակ մը՝ Գառզուին նուիրած իր մենագրական հատորով:
Մեծ է Գառզուն իբրեւ գեղանկարիչ, վարպետ մը գիծերով եւ գոյներով ստեղծուած գեղանկարչութեան, ուր կը գտնէք հոգեկան խռովք ու տագնապ, կին ու բնութիւն, չգրուած բանաստեղծութիւն: Եզակի դէմք մըն է ան թէ՛ իբրեւ արուեստագէտ եւ թէ անդամ Ֆրանսական Գեղարուեստի Ակադեմիային: Գառզուի մեծութիւնը կը բացայայտուի եւ կ՛արձանագրուի նրբաճաշակ գեղագէտի խորաթափանց հայեացքովը մեր շարքերուն կանգնած Գր. Քէօսէեանի: Գիրքին բովանդակութիւնը (անգլերէնով) օտարախօս ընթերցողներուն մատչելի դարձած է յաջող եւ արժանաւոր թարգմանութեամբը Արայ Գալայճեանին:
Իբրեւ արուեստաբան, մանաւանդ նկարչական իր ակնարկներով, միայն «Շիրակ» ամսագիրի առաջին քսան տարիներու համարներուն մէջ, դուք պիտի գտնէք վաթսունէ աւելի նկարչական ցուցահանդէսներու նուիրուած էջեր: Առաւել եզակի ուսումնասիրութիւն մը՝ երգիծանկարչութեան եւ անգլիական զուարթախոհութեան շուրջ, որոնք կու տան ապացոյցը իմացական իր հարուստ աշխարհին:
Նոյնքան առատ է հունձքը Քէօսէեանի թատերական քրոնիկներուն: Իր ժամանակին՝ 1950-1975 Պէյրութ կ’ապրէր մշակութային աշխոյժ շրջան մը: Տասնեակէ մը աւելի բեմադրիչներու մէջ, այժմ կ՛առանձնանան յատկապէս Ժորժ Սարգիսեան, Պերճ Ֆազլեան, Վարուժան Խտըշեան եւ Գր. Սաթամեան: Որքա՛ն արդար հնչէին թատերական քննադատին խօսքերը, նոյնքան պիտի օգտուէր հանդիսատեսը, որովհետեւ բեմադրիչներն ու դերասանները պիտի ձգտէին լաւէն դէպի լաւագոյնին: Քէօսէեան ա՛յդ էր որ ըրաւ: Իր արժեչափերը կը մնային ի խնդիր գեղարուեստական բարձր չափանիշերու: Իր տոմսակներուն մէջ եւս խիզախ էր եւ յանդուգն: Օրինակ 1972-ին երբ պետական միջամտութեամբ Պերճ Ֆազլեանին կ՛արգիլուէր հանդիսատեսներու առջեւ բանալ վարագոյրը բեմին, որպէսզի չներկայացուէր «Կատակերգութիւն Ամենայն Սրբոց»ը, Գր. Քէօսէեան կ՛ըլլար մէկը այն եզակի գրիչներէն, որ քաջաբար մամուլով կ՛աղաղակէր ճշմարտութիւնը թատերական այս գայթակղութեան առիթով եւ արդարութիւն կը պահանջէր:
Քէօսէեանի երկերէն «Գիր եւ Գիծ» ծաւալուն հատորը կը կազմէ լաւագոյն հանդիսարանը երեսնամեայ ժամանակահատուածի մը ընթացքին, լիբանանահայ գաղութին ունեցած մշակութային ու գեղարուեստական բարձրորակ նուաճումներուն եւ անոնց արձանագրութեանց: Այստեղ է, որ հեղինակը իր ընթերցողներու դատաստանին կը ներկայանայ զուգահեռաբար՝ իբրեւ տեսաբան եւ արուեստաբան:
«Ծիծաղը» խորագրեալ աշխատասիրութիւնը, որքա՛ն ինքնատիպ եւ նոյնքան խորազնին, լոյս կը տեսնէր «Շիրակ» ամսագիրի 1958-1959ի ընթացքին պարբերաբար: Ներկայ հատորին մէջ ան կը գրաւէ էջ 385-445ը, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ երգիծանկարչութեան մասին գրուած յօդուածը (շուրջ 13 էջ): Վերահրատարակութիւնը այս ուսումնասիրութիւններուն եւ անոնց ընկերակցող այլ յօդուածներու, որոնք նուիրուած են Սարուխանին ու Տիրան Աճեմեանին, Քիրազին ու Պարոյր Մասիկեանին եւ այլ մեծանուն ստեղծագործ արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ քառասնեակ մը թատերախօսական ակնարկներու, մեզի կը ներկայացնեն Գր. Քէօսէեան արուեստաբանն ու մտաւորականը: Անշուշտ ընթերցողը պիտի նկատէ թէ այս ուսումնասիրութիւններու խորքային եւ իմացական կառոյցին մէջ մեծ է տեղը միջազգային, յատկապէս արեւմտեան գեղագիտական միտքին: Դէմքեր եւ գիրքերու անուններ, որոնց կը հանդիպինք ծանօթագրութիւններու բաժինին մէջ: Հետեւաբար ընթերցումը կը վերածուի իմացական վայելքի: Լիբանանի մէջ սա՛ այն շրջանն էր, երբ թատերական ներկայացումներ, գեղարուեստական թէ գրական հանդիսութիւններ զիրար կը խաչաձեւէին: Նախապատերազմեան շրջանի «երազային» Պէյրութին կ՛երթայ մեր ակնարկութիւնը:
Եւ ահա ծառայութիւնը հայ գիրին ու մամուլին, իր մէջ զարգացուց արժանիքները հայ մտաւորականին: Ընդարձակ եւ լայնահուն դաշտ մը գործունէութեան, ուր աճեցաւ գրական նախասիրութիւններու հակող իր նկարագիրը եւ գործեց գաղափարախօսական խրոխտ մարդու իր հաւասարակշիռ մտածողութիւնը:
Դ. Բանասիրական Նիւթերու Գիտաշխատողը
Շահան Շահնուրի անձին եւ անոր ստեղծագործած ժառանգութեան հաւատարիմ բարեկամներէն եղաւ Գր. Քէօսէեան: Իսկ Շահնուր՝ հեռակայ եղբայր մը իրեն: Ամբողջանուէր այս բարեկամութեան առաջին արգասիքը կը հանդիսանար՝ հրատարակութիւնը Շ. Շահնուրի «Թերթիս Կիրակնօրեայ Թիւը» հատորին (1958, Պէյրութ), ապա իր ստորագրած գրախօսականները, յօդուածները եւ եղբայրական սիրով առլի նամակագրութիւն մը, որուն կը յաջորդէին պատճէնները Շահնուրեան այլ շարքերը նամակներու՝ ուղղուած Գուրգէն Մահարիին, Անդրանիկ Անդրէասեանին, Գեղամ Ֆէնէրճեանին, Վահան Թէքէեանին եւ ուրիշ գրողներու:
Երեք առանձին հատորներով լոյս ընծայուած այս նամականիները ծանօթագրուած են վստահելի եւ հարուստ բովանդակութեամբ, իր ժամանակն ու ոգին բացայայտող դէմքերու եւ դէպքերու սպառիչ գիտելիքներով:
Որքա՛ն ալ ճիշդ հնչեն անձնական նամակներուն վերապահուած հեռաւորութիւնը գեղարուեստական գրականութեան արժեւորումին մէջ, սակայն այդ նամակներուն մէջ կը գտնենք անկրկնելի եւ անխուսափելի ճշմարտութիւնները, որոնք չէին կրնար մաս կազմել գրական երկնումներու ընթացքին: Ուրեմն կարդալ գրողներու նամակները, ընդգծել ու վերընթերցել զանոնք՝ հասնելու համար տողատակի ճշմարտութիւններու, կը նաշանակէ ջանալ լաւագոյնս ճանչնալ ոգեղէն խորքը տուեալ հեղինակին: Հետեւաբար հարկ է, որ առանձնացնենք հեղինակային նամականիները ու զանոնք տեղադրենք գրական առանձին սեռի մը ծիրէն ներս.- թերեւս ամէնէն մօտիկը վաւերաթղթային գրականութեան:
* * *
Իր հրատարակած երկերն են.
ԳԱՌԶՈՒ, ՄՈԳԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՆԿԱՐԻՉԸ
CARZOU, THE PAINTER OF A MAGIC WORLD
Ուսումնասիրութիւն, երկլեզու (հայերէն-անգլերէն): Հրատարակութիւն ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի, ԱՄՆ, 272 էջ, 1982:
ԳԻՐ ԵՒ ԳԻԾ
Ժողովածու – ընկերային եւ արուեստի քրոնիկներ, ուսումնասիրութիւններ, երգիծանկարներ: Հրատ. Մայրենի, ԱՄՆ, 2005, 334 էջ:
ՊՐԻՍՄԱԿԻՆ ԳՈՅՆԵՐԸ
Ընկերային, գրական, արուեստի գրութիւններ, գծագրութիւններ: Հրատ. Մայրենի, ԱՄՆ, 2009, 334 էջ:
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
Կազմեց, խմբագրեց եւ ծանօթագրեց՝ Գրիգոր Քէօսէեան
ՀԱՏՈՐ ԱՌԱՋԻՆ
Նամակներ՝ Գրիգոր Քէօսէեանի: Հրատ. Կարպիս Լ. Նազարեան Հիմնադրամի, Լիբանան, 2001, 196 էջ:
ՀԱՏՈՐ ԵՐԿՐՈՐԴ
Նամակներ՝ Գուրգէն Մահարիին եւ Անդրանիկ Անդրէասեանին: Հրատ. Մայրենի, ԱՄՆ, 2004, 228 էջ:
ՀԱՏՈՐ ԵՐՐՈՐԴ
Նամակներ՝ Գեղամ Ֆէնէրճեանին, Վահան Թէքէեանին եւ ուրիշ գրողներու: Հրատ. Մայրենի, ԱՄՆ, 2006, 216 էջ:
Ա. ԹԱՇՃԵԱՆ, ԵՐԶՆԿԱ
Յուշեր Մեծ Եղեռնէն
Կազմեց, խմբագրեց եւ ծանօթագրեց՝ Գ. Քէօսէեան, 2009, ԱՄՆ, 48 էջ:
ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐՆԵՐ
Երգիծանկարներու Ալպոմ: Հրատ. Մայրենի, ԱՄՆ, 2013, 88 էջ:
Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւն,
ՄԱՐՍԷԼ ՓԱՆԵՕԼ – ԹՈՓԱԶ
Թատերախաղ – Պէյրութ, 1961։
(Քաղուած՝ հեղինակին «Երգիծանկարներ» Ալպոմի կողք էջ 3-էն)
* * *
Գր. Քէօսէեան տաղանդաւոր արուեստագէտին ու մտաւորականին ԳԻՐի եւ ԳԻԾի յօրինումները մաս կը կազմեն սփիւռքահայ միտքի ու արուեստի աւելի քան կիսադարեան իրագործումներու: Անոնք ժամանակագրութիւնն են այն ԵՐԷԿին, որ անվերադարձ անցաւ պատմութեան գիրկը:
Իւրաքանչիւր «վերնագիր» կարդացուած կտորի մը, իբրեւ սերնդակից՝ մեզի կրնայ վերադարձնել պատառիկ մը մեր անցեալէն, որուն բովէն անցեր էր նաեւ մեր սեփական կեանքը: Իսկ «անյայտ ապագայ»ի ընթերցողին մօտ՝ կը ստուերագծէ հեռաւոր ու կորուսեալ անցեալ մը՝ աշխարհասփիւռ հայոց «պատկերազարդ» կեանքը:
Ահաւասիկ մարդ մը եւ իր գործը: