Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Կոտրած Կողմնացոյցով Ճամբորդութիւն

* ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Մեզմէ շատեր գիտեն, որ ճամբորդի մը համար կարեւոր ուղեկից մըն է կողմնացոյցը: Հին ժամանակներէ ի վեր անապատային, ծովային, օդային թէ ցամաքային ճամբորդութեանց ընթացքին, միշտ ալ կարեւոր եղած է կողմնացոյցը: Բ. Աշխարհամարտի մասին փաստավաւերագրական ֆիլմ մը կը դիտէի.  իր կայանը ձգելէն 20 վայրկեաններ ետք, պատերազմական օդանաւի մը կողմնացոյցը կը խանգարուի, եւ ճամբան կորսնցնելով կ’անհետանայ ու կը կորսուի:

Յայտնի հեղինակ եւ դասախօս Սթէֆան Քովի, օր մը դասարան կը մտնէ եւ իր աշակերտներուն հետ փորձ մը կը կատարէ: «Պիտի խնդրեմ բոլորէդ, որ ձեր աչքերը փակէք», կ’ըսէ ան: Ապա կը շարունակէ՝ «մինչ ձեր աչքերը փակ են, իւրաքանչիւրը թող իր ձեռքով մատնացոյց ընէ հիւսիսային կողմը»: Բոլորը իրենց ձեռքերը կ’ուղղեն դէպի հիւսիս: «Թող ձեր ձեռքերը մնան ինչպէս որ են, եւ ձեր աչքերը բացէք», կ’ըսէ Քովի: Երբ աշակերտները իրենց աչքերը կը բանան կը տեսնեն, որ իւրաքանչիւրը տարբեր ուղղութեամբ երկարած է իր ձեռքը: «Երբ ճշգրիտ կողմնացոյց չունենաք կեանքի մէջ, նման ձեր ձեռքերուն պիտի ուղղուիք սխալ ճամբաներով՝ կարծելով, որ ձեր ընտրութիւնը ճիշդ է», կ’եզրափակէ Քովի:

Ներկայիս նման պատկեր մը կ’ապրի մարդկութիւնը, որ առանց կողմնացոյցի՝ կեանքի ճամբով կորսուած ուղեւորներու հաւաքածոյ է: Բոլորը անսխալական են, բայց եւ այնպէս բոլորը արմատապէս սխալական: Արժէքներու եւ սկզբունքներու փլուզումի մասին խօսիլն անգամ ձանձրացուցիչ եղաւ: Տեղ մը ծրագրեալ է այս մէկը: Սխալը ու ծուռը այնքան շատցան, որ այլեւս սովորական դարձան, իսկ ճիշդն ու արժէքաւորը ժամանակավրէպ: Օրինակ մը տամ ձեզի մեր ապրած բարոյական անկումի մասին, որ մարդկութիւնը կ’առաջնորդէ  յիմարութեան: Ամերիկայի Թէնըսի նահանգի Պէլվիու քաղաքին մէջ մարդ մը ճաշարանի մը դէմ դատ կը բանայ, որովհետեւ ճաշարանին գետինը թաց ըլլալուն պատճառաւ, ան սահած եւ ձեռքը կոտրած էր: Դատարանը իր վճիռը ի շահ այս անձին կու տայ, եւ ճաշարանին տիրոջ  կը ստիպէ $7000 վճարել  վնասուող  կողմին, որպէս հատուցում: Մինչեւ հիմա տարօրինակ ոչինչ կայ: Բայց ծիծաղելին հոն է, որ գանգատող մարդը իր ձեռքի գաւաթին ջուրը գետին թափելէ ետք, իր ջուրով սահած եւ ինկած է ու ձեռքը կոտրած:  Հարցը այն չէ, որ վնասուող անձը փորձած է իր հետ պատահածը շահագործել. հարցը այն է, որ  դատախազը իր կողմնացոյցը կորսնցուցած էր եւ կամ զայն կոտրած ըլլալով՝ անկարող էր արդար վճիռ արձակելու:

Հայ արդի հեղինակ մը բարոյագիտութեան նիւթով գիրք(եր) հեղինակած է:  Գիրքը գնեցի բան մը սորվելու նպատակով: Երբ կարդացի չկրցայ զսպել բարկութիւնս. անմիջապէս նամակ մը յղեցի այս «բարոյագէտին» հարցնելով, թէ ի՞նչ էր իր կողմնացոյցը՝ բարոյական դասեր տալու մէջ: Առանց չափազանցութեան կրնամ ըսել, որ գիրքը այն տպաւորութիւնը թողուց վրաս, թէ պատահական մարդիկ առանց ճշգրիտ տեղեկութիւններ ունենալու, հարցեր կը վերլուծեն. ճիշդ նման լիբանանցիներուն, երբ քով-քովի գալով քաղաքականութիւն կը վերլուծեն: Մեր այս հեղինակը հպարտանալով իր ստեղծագործութենէն, անգլերէն ալ թարգմանած էր իր գիրքը, որպէսզի խայտառակութիւնը համաշխարհային ըլլար:

Եթէ իրենք զիրենք «ղեկավար» կոչող մարդիկ նման սխալներ կ՛ընեն, ի՞նչ մնաց մեզի պէս հասարակ մահկանացուներուն:

Կը պատմուի, որ ծովային ճամբորդութեան մը ընթացքին, նաւու մը կողմնացոյցը կը խանգարուի: Նաւաստիները օգնութեան համար նաւապետին կը դիմեն: Նաւապետը կը հրամայէ, որ նաւուն առջեւ խաչաձեւ մետաղի կտոր մը տնկեն եւ այդ մետաղին նայելով ուղղեն նաւը: Ներկայ մարդկութեան իրավիճակն է այս՝ կողմնացոյցը կոտրած ըլլալուն պատճառաւ, իրենց կենաքի նաւերու առջեւ մետաղ մը տնկած, անոր նայելով կ’ուղղուին: Երանի կարենանք հասկնալ, որ կողմնացոյցի կարիքը ունինք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին