Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Խմբագրատանս մէջ – Դոկտ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի Հետ

Առաջին անգամ ըլլալով հիւրաբար Լիբանան կը գտնուի Գալիֆորնիայի Պետական Համալսարանի (Ֆրէզնօ) Հայագիտական  Բաժինի Տնօրէն Դոկտ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան: Ան այսօր՝ Երեքշաբթի 7 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Հայկազեան Համալսարանի մէջ պիտի բանախօսէ Ֆրէզնոյի Հայ համայնքին մասին: Ձեռնարկը կը վայելէ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած է  ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան կողմէ, գործակցութեամբ Հայկազեան Համալսարանի: Ձեռնարկը նուիրուած է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն 25-ամեակին:

Պատիւն ունեցանք Դոկտ. Տէր Մկրտիչեանը հիւրընկալելու «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ, ուր ան Խմբագրատանս մէջ

Դոկտ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի Հետ

առաջնորդուած էր ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանի եւ Վարչութեան անդամ ընկեր Արա Գոյունեանի կողմէ:

Մեր յարգելի հիւրը մեզի յիշեցուց, որ Ֆրէզնոյի մէջ գտնուող Գալիֆորնիայի Պետական Համալսարանին մէջ կը գործէ հայագիտական ամպիոնը, որ գոյութիւն ունի 60-ական թուականներէն ի վեր, որու հիմնական հիմնադիրը Տիգրան Գույումճեանն է , որ ատենին եղած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (AUB) դասախօս եւ որ ներկայիս հանգստեան կոչուած է ու Փարիզ կ՛ապրի:  Դոկտ. Տէր Մկրտիչեան 25 տարիներ ամպիոնին ծառայելէ ետք, կոչուած է դառնալու անոր վարիչը: Մեր յարգելի հիւրէն իմացանք, որ Հայագիտութիւնը մասնագտութիւն մը չըլլալով հանդերձ, տուեալ համալսարանին մէջ անոր հետեւողին առիթը կը տրուի ստանալու Հայագիտական Ուսմանց կրտսեր վկայականը (Minor in Armenian Studies), աշակերտին հիմնական մասնագիտական վկայականին կողքին:

Մեր հարցումին, թէ ուսանողները ընդհանրապէս հա՞յ են, թէ օտար, Դոկտ Տէր Մկրտիչեան ըսաւ, որ հայերը այնքան շատ չեն, այդ պատճառաւ հայագիտական նիւթերը տեղադրուած են ընդհանուր ընտրովի դասընթացքներու մէջ, եւ օտարներ շատ կը հետեւին այս նիւթին:

Պատասխանելով մեր այն հարցումին, թէ Ֆրէզնոյի հայերուն պատմութիւնը մինչեւ ու՞ր կ’երթայ դէպի ետ, մեր յարգելի հիւրը պատասխանեց, որ ան կը սկսի 1881 թուականին, երբ առաջին հայերը եկած եւ հաստատուած են այնտեղ: Ըստ մեր հիւրին անոնք եկած էին ԱՄՆի արեւելքէն, այսինքն Պոստոնէն։ առաջինները Սերոբեան եղբայրները եղած են, երբ տակաւին քաղաքը ձեւաւորուած չէր: Անոնք հետեւաբար հողագործութեամբ զբաղած են, քանի որ ուրիշ բան չկար: Ֆրէզնօ շոգեկառքի կայարան մըն էր, ըսաւ մեր հիւրը, որ հետագային ընդլայնելով վերածուեցաւ քաղաքի: Դոկտ. Տէր Մկրտիչեան հաստատեց, որ առաջին հայերը որոնք եկած էին Մարզուանցի էին:

Մեր հարցումին, թէ ուրեմն  Ֆրէզնոյի առաջին բնակիչները հայե՞ր էին, Դոկտ. Տէր Մկրտիչեան պատասխանեց, որ տեղացի հնդիկները կային անշուշտ, յետոյ եկան հայերը եւ սպիտակամորթներ՝ եւրոպացիներ:

Խօսելով իր ընտանիքին Ֆրէզնօ հաստատուելուն մասին Դոկտ. Մկրտիչեան վկայեց ըսելով հետեւեալը. «Մեծ հօրս պատմութիւնը բաւական հետաքրքրական է: Մեծ հայրս, որ Արմէնական էր (այդ ժամանակ Ռամկավարներ չկային), 1896-ի Վանի ինքնապաշտպանութեան մասնակցած եւ եւ մեծանուն Մկրտիչ Աւետիսեանի եւ այլ ազատամարտիկներու հետ Պարսկաստան անցքի պահուն՝ հրաշքով փրկուած է Բարթողիմէոս վանքի մօտ թուրքերու կողմէ լարուած թակարդէն, որուն ինչպէս ծանօթ է զոհ գացին Հայ երեք կուսակցութիւններու ազատամարտիկները: Ան ապա անցած է արեւելեան Հայաստան, ետքը Ամերիկա: 1915ի  Վանի երկրորդ  ինքնապաշտպանութեան ատեն արդէն ինքը հոն չէր, Ամերիկա էր. բայց կինը, հայրը, մայրը, եղբայրները եւ քոյրերը բոլորը մասնակցած են ինքնապաշտպանութեան՝ Արմենակ Երկարեանի գլխաւորութեամբ: Յետոյ նահանջած են դէպի արեւելեան Հայաստան, ապա Թիֆլիս: Շուտով մեծ Հայրս՝ Անուշաւան կամաւորներու լէգէոնով  եկած եւ գտած է ընտանիքը Թիֆլիսի մէջ…:

Այսպէս հաճելի զրոյցը երկարեցաւ մեր սիրելի հիւրին հետ, որուն ամբողջութիւնն ու շարունակութիւնը՝ Ֆրէզնոյի հայութեան ազգային մշակութային կեանքին համապարփակ պատմութիւնը՝ Լիբանանահայ գաղութը առիթը պիտի ունենայ լսելու այսօր երեկոյեան Հայկազեան Համալսարանին մէջ:

Յաջողութիւն եւ հաճելի կեցութիւն մեր սիրելի հիւրին:

Ս. Յ.

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին