Քանի որ Թուրքիոյ խորհրդարանը իր ձեռքը չի վերցներ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լուծելու խնդիրը, ատիկա կ՛ընեն այլ երկիրներու խորհրդարանները. խօսելով Գերմանիոյ Պունտեսթակին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն մասին` Tert.am-ին ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան պոլսահայ կին պատգամաւոր Սելինա Օզուզուն Տողանը:
Ան նշած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կը բացակային խօսքի ազատութիւնն ու բազմակարծութիւնը, թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը դժուարանան բարձրաձայնել զիրենք մտահոգող խնդիրները:
«Աշխարհի բոլոր խորհրդարանները չունին Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիր, եւ քանի որ նման խնդիր ունեցող Թուրքիան չի փափաքիր լուծել իր խնդիրը, ատիկա կ՛ընեն այլ խորհրդարաններ», ըսած է Տողան։ Ան մատնանշած է Թուրքիոյ քաղաքականութեան ժխտողականութեան օրինակները, երբ ետ կը կանչուի երկիրի դեսպանը, կը քննադատուի միջազգային հանրութիւնը:
Սելինա Օզուզուն Տողան նաեւ նշած է. «Թուրքիան կը քննադատէ միջազգային հանրութիւնը, բայց մենք պէտք է հարցնենք, թէ ի՞նչ կ՛ընեն անոնք»:
«Թուրքիոյ մէջ կը տիրեն ժողովրդական տրամադրութիւններ այս եւ ոչ միայն այս հարցերուն վերաբերեալ: Երկիրի կառավարութիւնը միշտ հանդէս կու գայ իր ազգայնական ելոյթներով», ըսած է ան` կարեւոր համարելով նոյն Պունտեսթակի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
«Պունտեսթակի կողմէ ընդունած կէտը Թուրքիոյ ժողովուրդին ստիպեց նայիլ իրենց պատմութեան, նայիլ Թուրքիոյ մասնակցութեան այդ յանցագործութեան, որուն Գերմանիան նոյնպէս եղած է դաշնակից:
Ես կը հաւատամ, որ ասիկա մարտահրաւէր էր Թուրքիոյ կառավարութեան համար` այս խնդիրը լուծելու խաղաղ եւ օգտաբեր ճանապարհով», ընդգծած է ան:
Սելինա Տողան նկատել տուած է, որ Թուրքիա այս ընթացին Եւրոպական Միութիւն մտնելու ոչ մէկ տեսլական ունի. «Գիտենք, որ բանավէճ կայ Եւրոպական Միութիւն մտնելու պայմաններուն շուրջ Եւրոպայի եւ Թուրքոյ միջեւ. այստեղ հակասութիւններ կան յատկապէս ահաբեկչութեան մասին համաշխարհային սահմանման շուրջ», ըսած է պոլսահայ պատգամաւորը` նկատել տալով, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը առանձնապէս հակում չունի ընդունելու Եւրոպական Միութեան արժէքները` խօսքի ազատութիւնը, բազմակարծութիւնը, ազատութիւնը եւ այլն: «Հասկնալի է, որ անոր նախընտրութիւնը Եւրոպական Միութիւնը չէ», ըսած է Տողան` յիշեցնելով Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին խօսքը, թէ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ համար միակ ընտրութիւնը չէ: Այս ծիրէն ներս պոլսահայ պատգամաւորը նկատած է, որ Գերմանիան ալ առանձնապէս հակում չունի Թուրքիան Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ տեսնելու:
Ըստ Սելինա Տողանի Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, աւելի շարունակական պիտի դարձնէ հայերու եւ մնացեալ ցեղային խումբերու նկատմամբ ատելութեան տարածումը Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ, քանի որ այնտեղ «ատելութեան խօսք»ին դէմ կիրառուող պատժամիջոցներ չկան. Թուրքիոյ մէջ ազգային խտրականութեան խնդիր կայ: Պոլսահայ պատգամաւորը ցաւով նշած է, որ խորհրդարանին մէջ նման խնդիրներով միայն կը զբաղին ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւորները, մնացածները ոչինչ կ՛ուզեն ընել խորհրդարանին մէջ:






