Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

«Թայլանտի Մօտ ՀՀ Հիւպատոսութիւնը Համայնքէն Ներս Միշտ Հայկական Մթնոլորտ Կը Ստեղծէ».Պարոյր Գույումճեան

Զրուցեց ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

Օրերս ՀՀ Սփիւռքի  նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած էր հայթայլանտական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի գործադիր տնօրէն Պարոյր Գույումճեանը: Վերջինիս հետ «Հայերն Այսօր»-ի  զրոյցը ծաւալեցաւ ոչ միայն առեւտրաարդիւնաբերական պալատի գործունէութեան, այլեւ Թայլանտի թէեւ փոքրիկ, սակայն հայաշունչ հայկական համայնքին շուրջ: (Նշենք, որ Պարոյր Գույումճեան Հայրենիք կը գտնուէր մասնակցելու ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին, որուն արդիւնքով ան ընտրուեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ «Խմբ.»)

Պարո՛ն Գույումճեան ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէ հայթայլանտական առեւտրաարդիւնաբերական  պալատը:

– Հայ-թայլանտական առեւտրաարդիւնաբերական պալատը հիմնած է Թայլանտի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Արտօ Արթինեանը: Կ’անդամակցի Թայլանտի  առեւտրաարդիւնաբերական պալատին եւ կը համագործակցի  Թայլանտ գտնուող տարբեր երկիրներու առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու հետ:

Մենք գործնական շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք բոլորին հետ եւ արդէն աշխոյժ համագործակցութեան դաշտ կը ստեղծենք` մասնաւորաբար գործարարային ցանցաւորման եւ Հայաստանի մէջ ՏՏ ոլորտի հնարաւորութիւններու իրազեկման հարցով:

Առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու ներկայացուցիչները բարձր կարծիք ունին Հայաստանի մասին եւ հաճոյքով կ’աշխատին մեզի հետ: Անոնց կը հիացնէ հայերու հմտութիւնները, յառաջադէմ մտածելակերպը, աշխատասիրութիւնն ու վստահելիութիւնը:

2

Անոնց հետ կապը առաւել սերտացնելու նպատակով ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէք:

-Մենք միշտ պրպտումներու մէջ ենք եւ կը փորձենք նոր ծրագիրներով` համագործակցութեան դաշտը ընդլայնել:

Ապրիլ 21-ին Թայլանտի մէջ գործող աւելի քան 25 երկիրներու առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու նախագահներու մասնակցութեամբ հաւաք-ճաշկերոյթ կազմակերպած էինք: Արտօ Արթինեանի ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքէն յետոյ` սկսանք մեր աշխատանքները: Օրակարգին մէջ Թայլանտ աշխատող օտարերկրեայ գործարարներուն հետաքրքրող՝ Հայաստանի ՏՏ ոլորտի հնարաւորութիւններուն վերաբերող եւ այլ հարցեր էին:

Շատ կառուցողական եւ արդիւնաւէտ հանդիպում եղաւ, որու ընթացքին յստակացուցինք համատեղ գործի եւ առեւտրային գործունէութեան առնչուող ուղիները: Հաւաքի ընթացքին զեկոյցներ հնչեցին Թայլանտի տնտեսական վիճակի մասին, քննարկեցինք նաեւ Թայլանտի մէջ իրականացող տնտեսական տարբեր քայլերը եւ Թայլանտի կառավարութեան աջակցութիւնները:

 Հայթայլանտական պալատը ի՞նչ զեկոյցով հանդէս եկաւ:

-Որպէս հիւրընկալ կողմ` պարոն Արթինեան այս տարի որոշեց ներկայացնել Հայաստանի տեղեկատուական ճարտարարուեստի ոլորտը:

Բաւական լուրջ ուսումնասիրութիւններէ յետոյ կրցանք ազդեցիկ շնորհանդէս պատրաստել, որ արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին: Ներկայացուցինք Հայաստանի մէջ ՏՏ ոլորտի կառուցուածքը եւ վերջին տարիներուն ստեղծուած կառոյցներու քանակը:

Խօսեցանք այս ոլորտին մէջ ՀՀ կառավարութեան աջակցութեան, կատարած օրէնսդրական բարեփոխումներուն, վերջին շրջանին արձանագրուած տնտեսական աճին եւ այս ոլորտին առնչուող երկու հիմնական ռազմավարութիւններուն մասին:

Շօշափեցինք նաեւ Հայաստանի ՏՏ ոլորտի շրջանաւարտներու ներգրաւման, անոնց հեռանկարին, Հայաստանի աշխատուժի տարբերութեան (այսինքն բարձր տրամաբանութիւն, մաթեմատիկայի, վերլուծութեան հմտութիւն) եւ լուծումներ որոնելու հարցերը: Քննարկեցինք նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններու գիւղատնտեսական արդիւնաբերական -մեքենականութիւնը, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայութիւնը եւ նախատեսուած մարտահրաւէրները: Հակիրճ ներկայացուցինք նաեւ Հայաստանի տնտեսական վիճակը, երկիրի առջեւ ծառացած խնդիրները, երկիրին մէջ տիրող անկայունութիւնները եւ արտաքին քաղաքականութեան հետ կապուած հարցեր:

3

 Հանդիպումէն յետոյ համագործակցութեան առաջարկներ եղա՞ն:

-Բարձրաստիճան ժողովը իսկապէս ցանկալի արդիւնք տուաւ: Աւարտէն անմիջապէս յետոյ  շարք մը երկիրներու ներկայացուցիչներ մեզի ելեկտրոնային նամակներ գրեցին` տեղեկացնելով, որ պալատներու նախագահները կը ցանկան Հայաստանի մէջ գործող ՏՏ ոլորտի համապատասխան կառոյցներու եւ մասնագէտներու հետ համագործակցիլ:

Նկատի ունենալով թայլանտական շուկայի ծաւալը, աշխուժութիւնը, մարդոց եռուզեռն ու ներդրումային առաւելութիւնները` Արտօ Արթինեան անշուշտ ընդառաջեց համագործակցութեան առաջարկին:  Հիւպատոսը յատուկ այդ նպատակով զիս Հայաստան գործուղեց` հանդիպումներ ունենալու տարբեր ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ` միասին քննարկելու համագործակցութեան առչուող հարցեր:

Հայաստանի մէջ բաւական յագեցած հանդիպումներ ունեցայ: Յուսանք ապագային աւելի արդիւնաւէտ եւ գործնական քայլեր պիտի կարենանք ձեռնարկել:

4

Պարոն Գույումճեան, Հայաստանի մէջ բացի ՏՏ ոլորտէն, այլ ոլորտներու մէջ փոխհամագործակցութեան հեռանկարներ կը տեսնէ՞ք:

-Այլ ոլորտներու կայացման եւ զարգացման համար, ի հարկէ կարելի է հնարաւորութիւններ ստեղծել: Պարզապէս պէտք է ճիշդ ուսումնասիրութիւններ կատարել, որպէսզի յաջողութիւններ արձանագրելու հնարաւորութիւնները մեծնան, իսկ վտանգները նուազին: Կրթական ոլորտին ուշադրութիւն դարձնելը նպատակային է, քանի որ Հայաստանի մէջ երիտասարդներուն մօտ կը տեսնեմ այդ ներուժը:

Աշխատանքի բերումով կը հետեւիմ Թայլանտի եւ տարածաշրջանային երկիրներուն մէջ տարբեր ոլորտներու զարգացման ուղղուած ռազմավարութեան ու կառավարութիւններու ընձեռած նոր ծրագիրներուն: Օրինակ Թայլանտի կառավարութիւնը սահմանամերձ նահագներու մէջ, ուր տնտեսական աճը աւելի նուազ է, ազատ առեւտուրի արդիւնաբերութեան խմբային տնտեսութիւններ կը ստեղծէ, որոնք կը նպաստեն բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման եւ կ’ապահովեն տարբեր ոլորտներու կայուն զարգացումը:

Պարոն Գոյումճեան, այժմ խօսինք Թայլանտի հայկական համայնքին մասին:

-Թայլանտի հայկական համայնքը համեմատաբար նորաստեղծ է, բայց Սփիւռքի համախմբուած համայնքներէն է: Ընդհանուր հաշուով շուրջ 150 հայ կ’ապրի հոն: Այս թիւը  քիչ մը յարաբերական է, քանի որ ժամանակի ընթացքին կը հանդիպինք հայերու, որոնք տարիներ առաջ  Թայլանտ եկած եւ երբեք համայնքին հետ կապ չեն պահպանած:

Թայլանտահայերը հիմնականին մէջ առեւտուրով, գործարարութեամբ եւ ոսկերչութեամբ կը զբաղին, կ’աշխատին զբօսաշրջութեան եւ այլ ծառայութիւններու ոլորտներու մէջ:

ՀՀ հիւպատոսութիւնը համայնքէն ներս միշտ հայկական մթնոլորտ կը ստեղծէ: Հայերը միաբանուած են Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան եւ յատկապէս պատուաւոր հիւպատոս Արտօ Արթինեանի շուրջ, որուն գլխաւորութեամբ հայապահպանական, պետական, համայնքային նշանակութեան ծրագիրներ  կ’իրականացնեն մեր հայրենակիցներուն հետ, միաժամանակ յարաբերութիւններ կը ձեւաւորուի օտարերկրեայ եւ թայլանտցի գործարար շրջանակի հետ:

Ընդհանրապէս Արտօ Արթինեանի աւանդը մեծ է համայնքի կայացման գործին մէջ: Անոր կազմակերպչական միտքը, հայրենանուէր գործունէութիւնն ու աշխատասիրութիւնը բոլորիս կ’ոգեւորէ: Որեւէ ձեռնարկ կամ այլ ծրագիր երբ նախաձեռնենք` միշտ կը խորհրդակցինք հիւպատոսին հետ, որմէ յետոյ նոր միայն գործի կ’անցնինք:

5

Թայլանտի մէջ հայերու փոքրաթիւ ըլլալը համայնքային կեանք ստեղծելու համար խոչընդոտներ չի՞ յառաջացներ:

-Համայնքի իւրաքանչիւր անդամ կը գիտակցի համախմբուածութեան կարեւորութիւնը եւ միշտ պատրաստակամ է համագործակցելու: Ընթացիկ աշխատանքներ կատարելու ընթացքին` մեզի կ’օգնէ իրար հասկնալու եւ նեցուկ ըլլալու հանգամանքը:

Յաճախ մեր համայնքի մասին այլ համայնքներէ հիացմունքի խօսքեր կը լսենք: Անոնք կը զարմանան, որ այդքան քիչ ըլլալով հանդերձ` կրնանք մեծածաւալ ձեռնարկներ կազմակերպել եւ բարի համբաւ ձեռք բերել: Համայնքին մէջ   հաւաքուած են Սուրիայէն, Լիբանանէն,  Ամերիկայէն, Իրաքէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն եւ Ռուսաստանէն եկած հայեր: Այդ բազմազանութիւնը սակայն չի խանգարեր մեր աշխատանքները:

Հայկական եկեղեցի, դպրոց եւ համայնքային այլ կառոյցներ չեն գործեր, բայց այս հանգամանքը եւս չի խոչընդոտեր մեր աշխատանքներուն:  Աւանդաբար կը նշենք ազգային, եկեղեցական եւ պետական բոլոր տօները, որոնք մեծ ոգեւորութիւն կը յառաջացնեն մեր հայրենակիցներուն մօտ:

– Պարոն Գոյումճեանթայլանտահայերը որքանո՞վ  կապուած են Հայաստանի եւ հայկական արժէքներուն:

-Այս ուղղութեամբ կարեւոր կը համարենք թայլանտահայ ծնողներուն հետ տարուող աշխատանքները, նախ անոնց հետ  պէտք է անհրաժեշտ աշխատանք իրականացնել: Անոնց հոգիին մէջ հայրենասիրութիւն սերմանելը, ազգային արժէքներուն կառչած պահելը` մեր առաջնահերթութիւններէն է, իսկ երախաներուն հայ պահելը ժամանակի հրամայական:

Անվարան պէտք է ըսեմ, որ հայապահպանութեան, սեփական ինքնութեան պահպանման  կարեւոր խթան են՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները, մասնաւորաբար «Արի տուն»-ը եւ  «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, որոնց մէջ թայլանտահայերուն կը փորձենք պարբերաբար մասնակից դարձնել:

Անցեալ տարի մեր պատանիներէն Սերժիօ Արթինեանը մասնակցեցաւ ծրագիրին: Վերադառնալով Թայլանտ անոր ոգեւորութիւնն ու ուրախութիւնը այնքան մեծ էին, որ անընդհատ կը պատմէր իր տպաւորութիւններուն մասին:

Մենք շատ  կարեւոր կը համարենք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը եւ բարձր կը գնահատենք ծաւալած գործունէութիւնը: Հիւպատոսութիւնը մշտական կապի մէջ է նախարարութեան հետ: Հայաստան գտնուելու ընթացքին ալ այցելեցի Սփիւռքի նախարարութիւն` ծանօթանալու իրականացուող ծրագիրներուն եւ յառաջիկայ նորութիւններուն:

6

Արցախեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ Սփիւռքը ոտքի կանգնեցաւ` իր զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախին եւ հայ ժողովուրդին: Այս ուղղութեամբ Թայլանտի հայ համայնքը ի՞նչ քայլեր ձեռնարկեց:

-Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացած սանձարձակ գործողութիւնները մեծ մտահոգութիւն էին բոլորիս համար: Ամբողջ համայնքով մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէինք Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Հիւպատոսութեան մէջ ալ քննարկումներ ծաւալեցինք` մարդոց իրազեկելու տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն շուրջ, իսկ ընկերային ցանցերու վրայ արագօրէն տեղեկատուութիւն տարածեցինք` այդպիսով կանխելով ապատեղեկատուութեան վտանգը:

Յատկանշականը այն էր, որ ամբողջ Սփիւռքը հայրենասիրական մեծ ալիք բարձրացուց եւ տարբեր նախաձեռնութիւններով` ցոյցերով, երթերով իր բողոքի ձայնը հնչեցուց ազրպէյճանական վայրագութիւններուն դէմ: Արձագանքեցին նոյնիսկ այն համայնքները, որոնք փոքր ինչ անտարբեր էին հայաստանեան կեանքին:

Իւրաքանչիւր հայ չէր կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մեծ հայրենասիրութիւն ցուցաբերեց այդ օրերուն:

 –Պարո՛ն Գույումճեան, յաճախ կայցելէք Հայաստան: Էական ի՞նչ փոփոխութիւններ կը նկատէք:

– Տարբեր բնագաւառներու մէջ դրական տեղաշարժը նկատելի է, որուն համար շատ կ’ուրախանամ: Հայաստանի երիտասարդներու նոր միտքերը, գործելաոճը, նորարարութիւնը հսկայական ներուժ են Հայաստանի զարգացման եւ բարեփոխումներ իրականացնելու համար:

Անոնց ապաւինիլ եւ քաջալերել  պէտք է: Երիտասարդներուն աջակցելով Հայաստանի համար նոր` մրցունակ տնտեսութիւն եւ հասարակական աւելի բարեկեցիկ իրականութիւն կը կառուցենք:

Լաւատեսութեամբ լեցուինք եւ հաւատանք ապագայի տեսլականին` հզօր Հայաստանին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին