Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հայաստանը Եւ Իրանը Ստորագրած Են Մուտքի Արտօնագրային Կարգի Վերացման Յուշագիր

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամատ Ջաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ Իրան առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ բարեկամ Հայաստանի հետ համակողմանի փոխգործակցութեան եւ համոզում յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն զայն առաւել ամրապնդելու համար:

Ինչպէս կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն, Իրանի ԱԳ նախարարը այս մասին ըսած է Յունիս 5-ին Թեհրանի մէջ` ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ հանդիպման ժամանակ:

Կողմերը համակարծիք էին, որ Իրանի նախագահին Հայաստան նախատեսուող այցը կարեւոր լիցք պիտի հանդիսանայ՝ հայ-իրանական փոխգործակցութիւնը նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելու համար: Կողմերը վերահաստատած  են յանձնառութիւնը` հետեւողական ջանքեր գործադրելու համատեղ ծրագիրներու իրականացման նպատակով:

Անդրադառնալով Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան` Էտուարտ Նալպանտեան զայն համարած է միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ 2015ի ամենանշանակալի ձեռքբերումներէն մէկը:

էդուարդ Նալպանտեան եւ Մոհամադ Ջաւատ Զարիֆ ստորագրած են՝ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ մուտքի արտօնագրային կարգի ազատականացման մասին յուշագիրը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին