Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

«ՌԱԿ-ը Կը Փորձէ Դժուարութիւնները Դիւրացնող Կողմ Ըլլալ». Սեւակ Յակոբեան

Զրոյցը վարեց ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Մայիս 26-27-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը Երեւանի մէջ գումարեց իր հերթական` 27-րդ  ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ կուսակցութեան նոր կեդրոնական վարչութիւնը, որուն անդամները Մայիս 30ին հանդիպեցան ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:

Կը ներկայացնենք «Հայերն Այսօր»ի հարցազրոյցը նորընտիր վարչութեան ատենադպիր,Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի հետ:

 Պարոն Յակոբեան, ինչպէ՞ս կամփոփէք 27րդ  ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը:

– Մայիս 26-27 Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ պատգամաւորական ժողովը, որուն ներկայ էին 19 տարածաշրջաններէ (շրջանակներէ) 16-ին  ներկայացուցիչները: Ինչպէս սովորաբար կ’ըլլայ` ժողովի աւարտին կ’ընտրուի նոր կեդրոնական վարչութիւն, որ կը համարուի կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդը:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր ղեկավարութիւն, Կեդրոնական Վարչութեան նոր անդամներ` յառաջիկայ երեք տարիներուն համար: Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընտրուեցաւ Արժանթինէն Սերխիօ Նահապետեան: Կարեւոր է, որ նորընտիր վարչութեան մէջ ներկայացուած են կուսակցութեան գրեթէ բոլոր շրջանակներն ու շրջանները:

Այս ժողովի առանձնայատկութիւնը այն էր, որ 1921 թուականէն ի վեր առաջին անգամ կը կազմակերպուէր Հայաստանի մէջ: Երկու օրերու քննարկումներու արդիւնքով` միասնաբար ուղենշուեցան յառաջիկայ երեք տարիներու ծրագիրները եւ հարցերը միասնաբար քննարկելու, լուծումներ գտնելու, որոշումներ կայացնելու մեքենականութիւնները: Կարեւոր էր նաեւ այն առումով, որ առաջին անգամ է, որ համեմատաբար աւելի երիտասարդ անդամներ ընդգրկուած են վարչութեան կազմին մէջ: Միաժամանակ կուսակցութեան պատմութեան մէջ երկրորդ դէպքն է, երբ կին անդամ կ’ընտրուի կենդրոնական վարչութեան կազմին մէջ:

 Յառաջիկայ տարիներուն կուսակցութեան առջնահերթութիւնները որո՞նք պիտի ըլլան:

– Առաջնահերթութիւններուն մէջ են ինչպէս անցեալին եղած, սակայն տակաւին չիրականացած, այնպէս ալ նոր ծրագիրներ:

Ժողովի աւարտին ՌԱԿ-ը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայոց բանակին, Հայաստանի եւ Արցախի քաջարի զինուորներուն, հայրենի պետականութեան եւ իր նուիրումը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին:

Վերահաստատեց, որ ՌԱԿ-ի դաւանանքն ու մտասեւեռումը եղած է ու կը մնայ մշտապէս ծառայելու հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Կուսակցութիւնը հաստատեց իր ազգային յանձնառութիւնը` շարունակելու պայքարը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան իրականացման, ինչպէս նաեւ Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ:

Ժողովը կարեւոր համարեց ջաւախքահայութեան խնդիրները, վերահաստատեց սուրիահայերուն օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնը:

ՌԱԿ-ը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց, առաջնորդուելով հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ծառայելու նախանձախնդրութենէն, գործակցելու Սփիւռքի բոլոր այն կառոյցներուն հետ, որոնք ունին միեւնոյն մտասեւեռումը` համադրելու, ներդաշնակելու եւ արդիւնաւէտ դարձնելու իրականացող աշխատանքները:

 Պարո՛ն Յակոբեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՌԱԿի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր համարեց Հայաստանի զարգացման,Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման եւ հայապահպանութեան խնդիրները: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այս ուղղութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ կիրականացնէ:

– Հայրենիքի ամենադժուար, անգամ 180 աստիճանի տարբեր գաղափարախօսութիւն ունենալու օրերուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը միշտ եղած է Հայրենիքի կողքին այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ վարչակարգերը, իշխանութիւնները անցողիկ են, սակայն  Հայրենիքը յաւերժ է:  Հայաստան այսօր անկախ է, որ մեզի աւելի կը պարտադրէ Հայրենիքի կողքին ըլլալու՝ անկախ բոլոր դժուարութիւններէ եւ փորձել դժուարութիւնները դիւրացնող կողմ ըլլալ:

Անշուշտ դժուարութիւնները, աղմուկը շատ է այսօր, նկատի ունենալով երկիրի հասարակական-տնտեսական պայմանները, արդարութեան պակասը, սակայն մենք կը հասկնանք, որ այս երկիրը տակաւին երիտասարդ է, շատ աւելի հին երկիրներ դեռ ունին նմանօրինակ հարցեր, խնդիրներ: Մենք լաւատես ենք. իրարու օգնութեամբ, փոխհասկացողութեամբ` հայրենի իշխանութիւնները ելքեր կը գտնեն:

Իսկ որեւէ փոփոխութիւն պէտք է տեղի ունենայ հայրենի հողին վրայ: Հայրենիքէն հեռու լոզունգներ արձակելը, իշխանութիւններուն դասեր տալը, փոփոխութիւններու կոչերը մենք գիտենք ինչ բանի կրնան յանգեցնել: Դուրսը ունինք արդէն նման փորձառութիւն. օրինակ` Արաբական գարունը եւ այլն: Մենք բնաւ չենք ուզեր Հայրենիքը այդ վիճակին մէջ տեսնել: Որեւէ փոփոխութիւն պէտք է տեղի ունենայ Հայրենիքի մէջ, ներսէն, օրէնքով եւ իր տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ:

Ինչ կը վերաբերի ԼՂՀ խնդիրին, ապա այդ հարցը պէտք է իր ցանկալի լուծումը ստանայ դիւանագիտական աշխարհին մէջ: Միջազգային ընտանիքը այլեւս պէտք է պատասխանատուութիւն վերցնէ` ճանչնալով արցախցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս միւս ազգերու: Յատկապէս, որ Արցախը արդէն 25 տարիներ անկախ է, եւ ժողովուրդը ընտրած է իր ինքնորոշման իրաւունքը, իր ճակատագիրը:

Մեզի համար ուրախալի երեւոյթ է, որ եթէ ոչ պետական, ապա քաղաքներու եւ նահանգներու մակարդակով արդէն Արցախի ճանաչման գործընթացքը սկսած է տեղի ունենալ: Իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է` մեր ապրած երկիրներուն մէջ Արցախի ճանաչման լոպիինկը ընել: Այս մէկը ազգային, աւանդական, համահայկական կազմակերպութիւններու պարտականութիւնն է: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւս, ինչպէս միւսները, պէտք է օգտուի իր ունեցած ծանօթութիւններէն, քաղաքական կեանքի մէջ ունեցած ներկայութենէն` այս բոլորը ծառայեցնելով Արցախի անկախութեան ճանաչման:

 Պարո՛ն Յակոբեան, զանգուածային լրատուութեան միջոցները (ԶԼՄ), ի՞նչ կրնան ընել այս հարցերուն մէջ:

– Լրատուամիջոցները ամենակարեւոր խօսափողն են` այս միտքերը տարածելու եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու առումով: Հետեւաբար մենք մեր կարելին կ’ընենք, ի հարկէ մեր կարողութիւններու սահմանին մէջ:

Նախ պէտք է ժամանակի փոփոխութեան ենթարկուիլ, համահունչ քալել: Օրինակ «Հայերն Այսօր» պարբերականը առաջին իսկ օրէն ելեկտրոնային կայքէջ է: «Զարթօնք»-ը տպագիր թերթ է` իր աւանդական մտածողութեամբ, աւանդական աշխատանքային ձեւով եւ իր աւանդական պատասխանատուներով:

Ես համեմատաբար երիտասարդ խմբագիր եմ եւ իմ ու թերթի պատասխանատուներուն համար դեռ շատ ընելիքներ կան առջեւը: Բարեբախտաբար վստահութիւնը մեծ է եւ մենք ժամանակակից միջոցները օգտագործելով` դէպի առաջ կ’երթանք: «Զարթօնք»-ը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան օրկանն է, եւ բնական է, որ պէտք է ծառայէ նաեւ կուսակցութեան ռազմավարութեան տարածման եւ անոր խօսափողը ըլլայ, որ կը փորձենք մեր կարելիութիւններու սահմանին մէջ կատարել:

 Որքան ժամանա՞կ է, որ կը ղեկավարէք «Զարթօնքը»:

– Ես «Զարթօնք»-ի աշխատակից  եղած եմ դեռ փոքր տարիքէս, բայց պաշտօնի  անցած եմ շուրջ երկու տարիներէ:

Հայկական թերթերը, որոնք գոյատեւած են  Սփիւռքի մէջ, հիմնականին մէջ ազգային կուսակցութիւններու օրկաններ են: Անձնական նախաձեռնութիւնները դժբախտաբար ժամանակի ընթացքին դադրած են գոյութիւն ունենալէ հասկնալի պատճառներով: Միութենական ու կուսակցական թերթերն են, որոնք իրենց կռնակին ունենալով հաստատութիւն կամ կուսակցութիւն` ամէն տեսակ զոհողութեան գինով կը շարունակեն գոյատեւել:

Այս պատճառով է, որ կը համարուի կուսակցական խօսափողը, բայց ատիկա անշուշտ թերթին առաքելութենէն մէկ մեթր չի շեղեր: իսկ Սփիւռքի մամուլի հիմնական առաքելութիւնը հայապահպանութիւնն է. եթէ մէկ ընթերցող ալ մնայ, մենք պէտք է շարունակենք թերթեր հրատարակել եւ ընթերցողին հասցնել, որպէսզի այդ թերթերուն միջոցով ան զգայ իր հայկականութիւնը եւ հայկական լուր ստանայ:

Դժբախտաբար ժամանակները փոխուած են, որոնք մեր առջեւ նոր մարտահրաւէրներ  դրած են: Օրինակ` «Հայերն Այսօր»-ը արեւելահայերէնէն եւ արեւմտահայերէնէն բացի, ունի նաեւ ռուսերէն եւ անգլերէն տարբերակներ, որ  իր կարեւորութիւնը եւ տրամաբանութիւնը ունի: «Զարթօնք»-ի եւ «Նոր Օր»-ի պարագային եւս այդպէս է, իսկ «The Armenian Mirror-Spectator»-ը միայն անգլերէն է:

Դժբախտաբար բոլորս գիտենք եւ այս մէկը գաղտնիք չէ, որ Սփիւռքի մէջ հայախօս երիտասարդներու թիւը երթալով կը քիչնայ: Լիբանանի օրինակով կրնամ ըսել, որ մինչեւ 30 տարեկան երիտասարդներու աւելի քան կէսը հայերէնով ընթերցել չի գիտեր. անոնց մէջ է նաեւ տղաս: Սա ցաւ է մեզի համար, մենք ի հարկէ պատասխանատու ենք, սակայն ժամանակները  այդպիսին են, եւ այդ ամէնուն առաջքը առնելը շատ դժուար է:

Այս նպատակով է, որ մենք կը փորձենք շաբաթը մէկ անգամ անգլերէն տարբերակով հրապարակում իրականացնել, որպէսզի այդ երիտասարդները թերթին կապուած մնան, հայկական լուրեր կարդան:

– Պարո՛ն Յակոբեան, որպէս վերջաբան ի՞նչ կաւելցնէք:

– Կ’ուզեմ  յաջողութիւն մաղթել «Հայերն Այսօր»-ին: Ան շատ կարեւոր կայքէջ է: Ինչպէս մեր ներկայացուցիչներու հանդիպման ժամանակ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ, հատուածական բնոյթ չունի: «Հայերն Այսօր»-ը այն լրատուական միջոցն է, ուր Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւնները եւ կուսակցութիւնները արդարօրէն  ներկայացուած են:

«Հայերն Այսօր»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին