Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ յայտարարութիւն ըրած է, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդամդիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակացութիւնը (CHP-ժՀԿ) ներկայացնող՝ պոլսահայ պատգամաւոր Սելինա Տողան:
Թրքական «Ensonhaber» լրատուական կայքը կը գրէ, որ պոլսահայ պատգամաւորին յայտարարութիւնը կը տարբերի կուսակցութեան դիրքորոշումէն, որ ստորագրած է Մէճլիսի մէջ Գերմանիոյ քայլը դատապարտող համատեղ հռչակագիրին տակ:
«Այս տեսակ կոտորածները մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն են», յայտարարած է Տողան ընդգծելով, որ Թուրքիան պէտք է հրաժարի գլուխը հողին մէջ թաղելէ:
Պոլսահայ պատգամաւորը նշած է, որ իր ընտանիքին մէջ թէ՛ հայրական եւ թէ՛ մայրական կողմէն կորուստներ եղած են: Տողան նշելով, որ ժամանակին միլիոններու հասնող մարդոցմէ այժմ միայն հազարներ մնացած են ըսած է. «Ինչպէս այլ կոտորածներու եւ ջարդերու, այնպէս ալ այս պարագային կը պահանջենք խորհրդարանին մէջ համապատասխան յանձնաժողով ստեղծել: Սակայն ցաւօք ատոր իրագործման համար համապատասխան հիմքերը դեռ չկան: Չունինք խորհրդարանական համակարգ, որ կ’արտացոլէ բազմակարծութիւն, չունինք խօսքի ազատութիւն, ո՛չ ալ կրնանք իրարու հանդուրժել»:
Ան նաեւ ուշադրութեան հրաւիրած է Գերմանիոյ մէջ ընդունուած բանաձեւին բովանդակութեան վրայ` նշելով, որ անիկա կը տարբերի այլ բանաձեւերէ, քանի որ Գերմանիան կ՛ընդունի նաեւ իր պատասխանատուութիւնը:
«Քննադատութիւններով, Պերլինէն Թուրքիոյ դեսպանին ետ կանչելով, Մերսետես մակնիշի ինքնաշարժներէն քաջաբար հրաժարելով՝ Թուրքիան չի կրնար ազատիլ այս հարցէն: Երկիր մը, որ ֆաշիզմի միջով անցած է, ընդունած է բանաձեւ մը, որ կը համապատասխանէ անցեալի հետ առերեսուելու իր աւանդոյթին: Գերմանիոյ մէջ լուրջ արխիւ կայ: Եւ եթէ Գերմանիան կ՛ընդունի իր պատասխանատուութիւնը, ապա ատիկա արխիւները ուսումնասիրելու արդիւնք է», եզրափակած է պոլսահայ պատգամաւոր Սելինա Տողան: