Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

«Հայաստան» Հիմնադրամը Կը Շարունակէ Սատարել Արցախի Առողջապահական Ոլորտին

«Հայաստան» Հիմնադրամը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը բերել Արցախի առողջապահական ոլորտի խնդիրներու լուծման. Ապրիլեան պատերազմէն յետոյ Ֆրանսահայ համայնքի միջոցներով շտապօգնութեան 2 մեքենաներ, իսկ Ֆրանսայի եւ Պրազիլի մեր հայրենակիցներու համատեղ ջանքերով՝ շուրջ 13 թոն դեղորայք  տրամադրուած է ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան: Լոս Անճելըսի մէջ կայացած «Օգնութիւն Արցախին» հեռուստամարաթօնի աւելի քան 1.1 միլիոն ԱՄՆ տոլարի հասոյթն ալ, որուն մաս  կազմած են նաեւ ֆրանսահայերու, պրազիլահայերու, Թորոնթոյի եւ Նիւ Եորքի հայ համայնքներու նուիրատւութիւններ, կ’ուղղուի Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման: Այս մասին կը հաղորդէ Հիմնադրամի մամլոյ ծառայութիւնը:

Օրերս ալ բժշկական սարքեր նուիրաբերուած են Արցախին, մասնաւորաբար ֆրանսահայ համայնքի միջոցներով ձեռք  բերուած է հեմոտիալեզի 2 սարքեր, բրիտանահայերուն կողմէ սոնոկրաֆիայի սարք, յունահայերու կողմէ ալ պուլսօքսիմեթր, 50 եռոտանիներ եւ 20 պատգարակներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին