Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Նուիրուած Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի

                                                                                                                   *ԱՆԺԷԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ*

12 Մայիս 2016 ը անմոռանալի օր մը պիտի մնայ ամբողջ աշխարհի Մելգոնեանցիներուն, բայց մասնաւորաբար Լիբանանի Մելգոնեանցիներուն համար, որոնք մեծարեցին իրենց սիրելի ուսուցիչը, տնօրէնը, հմուտ պատմաբանը, իւրայատուկ մանկավարժը, բարձրարժէք Հայ կինը, մէկ խօսքով՝ ազնուական հայ մարդը՝ Տիկ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանը:

ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան կեդրոնի սրահն ու միջանցքները ողողուած էին Մելգոնեանցիներու պայծառ յիշողութիւններով: Ոմանք նոյնիսկ կանուխ հասած էին, որպէսզի աւելի լայն ժամանակ ունենային ըլլալու օրուան մեծարեալին հետ:

«Անմահ Լուսոյ»ի խմբային կատարումէն ետք, հանդէսին բացումը կատարեց Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (ՄԿՀ) Սանուց Միութեան Լիբանանի վարչութեան ատենապետ Արմէն Իւրնէշլեան: Ան իր խօսքը կառուցեց  «Ամէն բնական մարդ արարած խիղճ ունի» հասկացութեան շուրջ: Ըստ անոր խիղճ ունին նաեւ անշունչ կառոյցները, մանաւանդ անոնք որոնք առնչուած են հոգեւոր ու ոգեկան ոլորտի հետ: Այսօր խիղճի ճիչ կը լսուի Մելգոնեանի շէնքերէն ու ծառերէն: Պրն. Իւրնէշլեան Մելգոնեանի խիղճը նկատեց Տիկ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանը, որ Հայու եւ Մելգոնեանցիի հարազատ տիպարն է ու գիտէ հրճուիլ եւ հպարտանալ բարիով ու գեղեցիկով, որուն խորթ է մարդկային ամէն յոռի կեցուածք. «Ան ազնուական անձ մըն է, ամբողջական հայ մը եւ բոլորանուէր Մելգոնեանցի մը», եզրափակեց Պրն. Իւրնէշլեան:

Տիկ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան մանկավարժին մասին խօսեցաւ Տիկ. Անժէլ Միսիսեան: Ան բարձր գնահատելով Տիկ. Ագապիին մարդկային եւ մտաւորական արժանիքները, անդրադարձաւ անցեալ դարու 50-60ական թուականներուն, երբ Տիկ. Ագապին որպէս ուսուցչուհի կը պաշտօնավարէր Մելգոնեանի մէջ: Միսիսեան անսպառ յիշողութիւններ ունէր այդ օրերէն, երբ ինք աշակերտ էր Մելգոնեանի մէջ եւ եղած էր այն բախտաւորներէն, որոնք իրենց ուսոմնառութեան ամբողջ վեց տարիներուն ընթացքին որպէս ուսուցիչ ունեցած էին Տիկ. Ագապին: Տիկ. Միսիսեան շեշտեց յատկապէս դասաւանդման այն իւրայատուկ մեթոտը, զոր որդեգրած էր այդ օրերուն օրիորդ Ագապի Նասիպեանը: Ան յիշեց, թէ ինչպէս իրենց ուսուցչուհին մարդկային բոլոր հնարամտութիւնները կը գործածէր, նիւթը ըմբռնելի դարձնելու համար աշակերտներուն: «Անիկա գիտէր սրբազան քուրմի մը պէս առաջնորդել մեր գիտութեան ծարաւ հոգիները դէպի հոն՝ ուր ինք կը փափաքէր»:

Պէտք է ըսել, թէ յուշերը երբեմն կը կորսնցնեն իրենց թարմութիւնն ու կենդանութիւնը, վերածուելով չոր փաստական տպաւորութիւններու: Այդպէս չեն եղած երբեք Տիկին Ագապիէն փոխանցուած ապրումները. ժամանակը յղկած է զանոնք, փայլ ու իմաստ տուած է անոնց եւ ամէն Մելգոնեանցի, որ ունի այդ ապրումները, ինքզինք հպարտ ու հարուստ կը զգայ անոնցմով: «Իր բոլոր բացատրութիւնները գիտականութեան դրոշմը կը կրէին ու ամէն հաստատում պատճառաբանուած էր իր կողմէ», ըսաւ Տիկ. Միսիսեան: Իւրաքանչիւր յիշողութիւն, դէպք եւ դրուագ, որ կը վերյիշէր Տիկ. Միսիսեան, կը ջանար անոնց ընդմէջէն վեր հանել բծախնդիր ու խստապահանջ ուսուցիչի, ազնուական ու նուիրեալ հայուհիի այն որակները, որոնց տէրն էր իրենց ուսուցչուհին:

2005 թուականին երբ փակուեցաւ Մելգոնեանը, ցնցուեցաւ հոգին ամբողջ հայութեան, բայց մանաւանդ աշխարացրիւ Մելգոնեանցիներուն, որոնք այդ արարքը նկատեցին ազգային դասալքութիւն ու ոգի ի բռին պայքար մղեցին անոր վերաբացման համար: Սուր շարժեցին բոլորը, Մելգոնեանցին ու ոչ Մելգոնեանցին, որովհետեւ բոլորին հոգիին մէջ փլած էր ազգային բարձրարժէք կառոյց մը: Այդ առիթով գրեց նաեւ Տիկ. Ագապի Էքմէքճեանը. բայց որքան զուսպ, որքան անկիրք, որքան տրամաբանական ու համոզիչ շեշտով մը, ու անոր խօսքը իր այդ յատկանիշերուն իսկ պատճառով մնաց ամէնէն ծանրակշիռը: Թէեւ չվերաբացուեցաւ Մելգոնեանը, բայց Տիկ. Ագապին մնաց խորհրդանիշը Մելգոնեանին, մէկը անոր անցեալի փառքը կերտողներէն ու անմխիթար ականատեսը անոր անշուք մահուան:

Տիկ. Ագապին եղած էր նաեւ սատարողը ՄԿՀ Լիբանանի Սանուց Միութեան հիմնադրումին, որուն առաջին վարչութիւնը կազմուած էր 1987-ին: Ան մօտէն հետեւած էր այդ Միութեան աշխատանքներուն ու քաջալերած էր ամէն միջոցառում: Այսօր չկայ Մելգոնեանը բայց կան Մելգոնեանցիները, կայ Սանուց Միութիւնը, որ կանոնաւոր կերպով կը գործէ ի հիճուկս թերահաւատներու: Այս Միութիւնը նպատակ դարձուցած է իրեն նաեւ՝ մեծարել լուսաւոր փաղանգը Մելգոնեանցիներուն, որոնք հետք մը ձգած են իրենց ժողովուրդի մշակութային տարեգրութեանց մէջ, եւ յետոյ՝ յաւերժացնել  յիշատակը իրենց սիրելի վարժարանին: Վերջին վեց տարիներուն մեծարանքի արժանացած են վեց Մելգոնեանցիներ՝ Զարեհ Մելքոնեան (բանաստեղծ, մտաւորական), Նիկողոս Թահմիզեան (երաժիշտ), Վահրամ Մավեան (գրող), Թորոս Թորանեան (գրող, մշակոյթի գործիչ),

Վարդան Թաշճեան (մանկավարժ, նկարիչ) եւ Ագապի Նասիպեան–Էքմէքճեան (մանկավարժ, պատմաբան):

Տիկ. Ագապին հաւատացողն էր հայեցի դաստիարակութեան ու այդ առումով Մելգոնեանի կատարելիք դերին: Բարերարներուն աւանդն էր՝ ազգին վրէժը լուծել ուսեալ նոր սերունդներ պատրաստելով, ու այդ նպատակին համար կառուցուած Մելգոնեանը 80 տարիներ ծառայեր էր իր նպատակին: Բայց ի՞նչ չափանիշերու համաձայն պէտք էր ճշդել աւարտը Մելգոնեանի առաքելութեան: Ըստ Տիկ. Միսիսեանին Մելգոնեանը անհրաժեշտութիւն մըն էր Սփիւռքի համար՝ այնքան ատեն, որ մեր ազգային արժէքները կլանող Սփիւռք-հրէշը գոյութիւն ունի:

Տիկ. Էքմէքճեան իր գրիչը, իր մտաւորականի դիրքը, իր ընկերային ծանօթութիւնները եւ բոլոր այլ միջոցները ի գործ դրած էր, որպէսզի տարհամոզէ ղեկավարութիւնը, բայց բոլոր ջանքերը ապարդիւն մնացին: Ան ամէն առիթով կը խօսէր Մելգոնեանի փակումով՝ Կիպրահայ գաղութին մէջ ստեղծուած ազգային–մշակութային բացին մասին ու ցաւ կը յայտնէր անմխիթար երեւոյթներու դիմաց:

Տիկ. Միսիսեան իր ելոյթը եզրափակեց հետեւեալ խօսքերով. «Սիրելի Տիկ. Նասիպեան-Էքմէքճեան, դուք ապրեցաք, գործեցիք, խօսեցաք այնպէս, ինչպէս վայել է հայ կնոջ: Ի վերուստ ձեզի տրուած բոլոր շնորհները շռայլօրէն  բաշխեցիք ու դարձաք հեղինակութիւն ձեզ ծնող ժողովուրդին համար: Ձեր ուժը ձեր հոգիին մէջ է, անիկա իր ներշնչումը կը ստանայ ազգասիրութեան ու մարդասիրութեան ակունքներէ եւ իբրեւ բարիք կը բաշխուի ազգին ու մարդկութեան: Ձեր վաստակը խաչքարի մը հանգոյն փորագրուած է ձեզ սիրող Մելգոնեանցիներուն ու հայ ժողովուրդին հոգիին մէջ, ու ոչինչ կրնայ խաթարել անոր ապարաժեայ գեղեցկութիւնը»:

Այս –օսքին յաջորդող ելոյթը շուիի վրայ նուագն էր Նաթաշա Թոփաքեանի: Սայեաթ-Նովայի «Յիս քու ղիմէթըն» եւ «Քամանչա» երգերու կատարումով ան հմայեց ներկաները, փոխանցելով ներկաներուն Սայեաթ-Նովեան ապրումներու ջինջ ալիքները:

Յաջորդ խօսքը կը պատկանէր Պարոյր Աղպաշեանին, որ պիտի ներկայացնէր մեծարուող պատմաբանը: Տիկ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի դոկտորական աւարտաճառը իբրեւ նիւթ ունէր՝ «Բրիտանիա եւ Հայկական հարցը 1915-1923» ուսումնասիրութիւնը: Պրն. Աղպաշեան նախ բացատրեց, թէ ինչ է Հայկական հարցը, որ մնայուն կերպով ընկերակիցը եղած է Հայ ժողովուրդին՝ անոր պատմութեան ամբողջ ընթացքին: Այս գիրքը լոյս տեսած է 1984 թուականին, դառնալով «Իւրօրինակ չհինցող դասագիրք» ամէն հայու սեղանին:

Ըստ Աղպաշեանին բացառիկ է գիրքը, որովհետեւ գրուած է պատմաբանի սուր հմտութեամբ ու ճշգրիտ առարկայականութեամբ, ունի փաստագրական բովանդակութիւն, հիմնուած ըլլալով ընդհանրապէս եւրոպական եւ մասնաւորաբար անգլիական արխիւներու վրայ: Իսկ իւրայատուկ է, որովհետեւ հեղինակը յաջողած է ինքնուրոյն վերարժեւորումներ կատարելով՝ հասնիլ պատմական համոզիչ եզրայանգումներու: Դոկտ. Նասիպեան իր պատմաբանի խորասոյզ հայեացքը առաւելաբար ուղղած է անգլիական այն ձեռագիրերու եւ փաստաթուղթերու վրայ, որոնք արժէքաւոր նիւթեր կը պարունակէին հայկական հարցի վերաբերեալ: Գիրքը կազմող գլուխներն են.

1) Բրիտանիա եւ Հայկական հարցը՝ համաշխարհային առաջին պատերազմի նախօրեակին

2) Հայանպաստ Մարդասիրական Շարժումը Մինչեւ 1918

Ա- Հոգածու դէմքեր

Բ- Քաղաքական Ճնշումի խումբեր

Գ- Նպաստամատոյց կազմակերպութիւններ

3) Բրիտանական շահեր եւ Հայկական հարցը՝ Պատերազմի ընթացքին

4) Բրիտանական երկընտրանքներ. Մուտրոսէն Սեւր

5) Պատրանքներ. Սեւրէն Լօզան

6) Հայանպաստ Մարդասէրներուն Յուսախաբութիւնը՝ 1918-էն ետք։

Այս խորագիրները ցոյց կու տան, թէ որքան լայն ընդգրկում ունի Դոկտ. Նասիպեանի տեսադաշտը, ուր պատմական դէպքերը կը շարայարուին մեծապետական շահերու թելադրանքով: Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդը յուսադրած ու շահագործած, ապա զայն լքած եւ ուրացած «Մեծերուն արարքը այսօր դասեր կը փոխանցեն մեզի, ու Դոկտ. Նասիպեանին գիրքէն կը բխի հրամայական մը՝ յոյս չդնել օտարին վրայ» :

Գիրքը ունի ծանօթագրութիւններու բաժին, մատենագիտութեան ցանկ եւ անուններու բաժին: Պրն. Աղպաշեան ըսաւ, թէ «Բրիտանիա եւ Հայկական հարցը 1915-1923» պատմագիրքը նոր էջ մըն է՝ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան մէջ, իսկ Դոկտ. Նասիպեան–Էքմէքճեանին եզրայանգումները անաչառ են ու առարկայական:

«Հայ ժողովուրդը երախտապարտ պէտք է ըլլայ՝ Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի ձեռնհասութեամբ տաղանդաւոր պատմագէտ–պատմաբան մը ունենալուն համար», այս գաղափարով եզրափակեց իր խօսքը Պրն. Պարոյր Աղպաշեան:

Շարունակուեցաւ գեղարուեստական բաժինը Նաթալի Աբովեանի «Տլէ Եաման» երգի կատարումով տուտուկի վրայ, իսկ Նանօր Տէր Սարգիսեան ներկայացուց «Կոմիտասեան Շարան մը»՝ քանոնով:

Թուխիկ Աւետիսեան ներկայացուց երկու ասմունքներ՝ Պարոյր Սեւակի «Մայրենի Լեզու» եւ Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութիւնները:

Զուտ հայաշունչ այս ելոյթներէն ետք բեմ բարձրացաւ մեծարեալը՝ Տիկ. Ագապի Նասիպեան–Էքմէքճեանը:

Տիկ. Ագապին շնորհակալութիւն յայտնեց Սանուց Միութեան՝ իրեն ընծայուած մեծարանքին համար ըսելով. «Մեծարանք կամ յարգանք չեմ ընդունիր անձիս համար, ինչ որ ըրած եմ հոգեկան գոհունակութեանս, հոգեկան հաճոյքիս համար է, որ ըրած եմ»: Ան ըսաւ, թէ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին Մելգոնեանի առաքելութեան ու վառ կը պահեն Մելգոնեանի ոգին: Յարգանք մեր ծնողներուն, որոնք Մելգոնեանը ընտրեցին մեր ուսման համար, եւ անմնացորդ յարգանք մեր պաշտելի բարերարներուն՝ Մելգոնեան եղբայրներուն: Անոնք Կեսարիոյ աղքատ թաղերէն սերած եղբայրներ էին, որոնք իմաստութիւնը ունեցան ազգին որբերուն նուիրելու Մելգոնեանի նման վարժարան մը, որպէսզի վրէժ լուծեն թուրքէն: Բարերարներուն նպատակն էր «Հայ մարդուժ պատրաստելով հայ դպրոցի մէջ՝ յաւերժացնել հայութիւնը»: Ու այդ սրբազան նպատակին համար անոնք նուիրաբերեր էին իրենց ամբողջ ունեցածը, անմնացորդ կերպով: Տիկ. Էքմէքճեան յուզումով անդրադարձաւ, թէ ինչպէս 1911-ին,  Երիտթուրքերու մէկ գաղտնի ժողովին որոշում կայացեր էր, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները կրնային պահել իրենց կրօնքը, բայց ոչ իրենց լեզուն: Ուրեմն ժողովուրդ մը ոչնչացնելու հզօրագոյն միջոցը զայն զրկելն է մայրենի լեզուէն: Հետեւաբար բարերարները կը ձգտէին ստեղծել միջավայր մը, ուր հայ պատանիները կրնային սորվիլ մայրենին:

Տիկ. Էքմէքճեան մէջբերեց բարերարնէրու մէկ խօսքը, որ յիշուած է գրութեան մը մէջ, ստորագրուած Աղեքսանդրիա, 1924 Յունուար 29 ին. «Կը փափաքիմ, որ կրթական այս հաստատութիւնները տեւեն դարէ դար եւ ըլլան լուսաւորութեան վառարաններ»: Ցաւալի է, որ անոնց այդ փափաքը իրականութիւն չդարձաւ ու առաջին ութսունամեակը դեռ չբոլորած՝ դարձան լուռ ու ամայի վայրեր:

Տիկ. Էքմէքճեան աւարտելէ առաջ իր խօսքը, յիշեց զինք ամէնէն աւելի տպաւորած Մելգոնեանցին՝ Ստեփան Մկրտիչեանը: Ստեփանը Յունաստանէն էր, որբ ու աղքատ: Մելգոնեանի առաջին դասարանի աշակերտ էր այդ տարի ու իրենց որպէս անգլերէնի ուսուցիչ նշանակուած էր օրդ. Ագապի Նասիպեանը: Ստեփանը ոչինչ գիտէր ու օրիորդը յատուկ կերպով կը զբաղէր անոր ուսումով, մասնաւորաբար անգլերէնով: Այդ տարի դպրոցին մէջ կը բեմադրուի հատուած մը Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառներ» վէպէն: Կը ներկայացուի այն հատուածը, ուր Ժան Վալ Ժան աւազակը 19 տարուան բանտարկութենէ մը նոր ազատած էր: Ան բանտարկուէր էր, որովհետեւ հաց գողցած էր իր սոված քրոջը եւ անոր ընտանիքին համար:

Միւրիէլ եպիսկոպոսը ապաստան կու տայ անոր իր բնակարանէն ներս, մինչ ան կը գողնայ եպիսկոպոսին արծաթեղէնները ու կը փախչի: Ոստիկանները կը հետապնդեն զայն, կը ձերբակալեն ու կը բերեն եպիսկոպոսին տունը: Միւրիէլ մեծ ներողամտութեամբ կ’ըսէ ոստիկաններուն, թէ արծաթեղէնները Ժան Վալ Ժանին են, ու անոր կը պատկանին նաեւ մոմակալները, զորս Ժան Վալ Ժան մոռցած է հետը վերցնելու: Աւազակը անակնկալի կու գայ եպիսկոպոսին այս խօսքերէն ու երկարօրէն կը խոկայ անոնց մասին:

Վեց տարիներ ետք Ժան Վալ Ժանին կը հանդիպինք որպէս Պրն. Մատլէն , ան դարձած էր գործարանատէր, բարերար ու քաղաքի մը քաղաքապետը:

Մելգոնեանի մէջ ներկայացուած հատուածին մէջ, Ժան Վալ Ժանի դերը կատարած էր Ստեփան Մկրտիչեանը: Այդ օրերուն դէպի Քայրինիա կատարուած պտոյտի մը ընթացքին, անգլերէնի ուսուցչուհին կը մօտենայ Ստեփանին ու կ’ըսէ, թէ շատ լաւ խաղցած էր իր դերը: Ստեփան կը պատասխանէ. «Կեանքս խաղցայ»: Այս իր կեանքը խաղցող Ստեփանը, որուն մազերը միշտ ճակատին թափած էին, որ բարձրաձայն կը խօսէր ու ոչինչ գիտէր, շնորհիւ իր կարգ մը ուսուցիչներուն» Պերճ Սանտրունիի, Սեպուհ Աբգարեանի եւ անշուշտ Ագապի Նասիպեանի, յաջորդ տարի կը դառնայ դասերուն մէջ շատ լաւ ու կարգապահ աշակերտ մը: Ցաւալի է սակայն, որ անբուժելի հիւանդութիւնը զգետնեց այդ խոստմնալից տղան, որ ոչ միայն լաւագոյնը դարձաւ դասերուն մէջ, այլեւ կը գծէր, կ’ասմունքէր ու կ’երգէր նաեւ:

Ստեփանը բուժուելու համար ղրկուեցաւ Փարիզ ու վերջին անգամ անոր հանդիպեցաւ այդ ամառ  Փարիզ գացած տիկ. Էքմէքճեանը: Ստեփանը ըսաւ անոր. «Մի ըսէք, որ սրունքներս կտրուած են, միակ փափաքս է համալսարան յաճախել, կեանքը ծաղիկ մըն է, սէրը՝ անոր մեղրը»: Ստեփանը կը մահանայ մի քանի ամիսներ ետք:

Ստեփանին պատմութիւնը մեծ յուզումով պատմեց  Տիկ. Ագապին, վարակելով նաեւ ներկաները, որովհետեւ Ստեփանը եղեր էր իրենց դասընկերը կամ իրենց ժամանակակից աշակերտ մը ու անոր հետ կապուած յուշեր ունէին շատերը:

Մեծարանքի այս հանդիսութիւնը կը զուգադիպէր Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան 90-ամեակին: Լիբանանի Սանուց Միութիւնը մեծ շուքով տօնեց իր դպրոցին 80-ամեակը: Տիկ. Էքմէքճեան իր խօսքին սկիզբը ըսեր էր, թէ մեծարանք չէր ընդուներ եթէ ուղղուած ըլլար իր անձին, այլ կ’ուզէր, որ մեծարուէին Մելգոնեանն ու բարերար եղբայրները եւ բոլոր անոնք, որոնք իմաստ տուին անոնց երազին: Արդարեւ Մելգոնեան ընտանիքը բազմաշերտ ամբողջութիւն մըն է՝ մարդկային հոգիներու եւ անշունչ իրերու: Ամրանիստ շէնքերը կը խորհրդանշեն դարերուն երկարող երազը զոյգ եղբայրներուն, մինչ իւրաքանչիւր ծառ ու ծաղիկ, քար, պատ թէ փոքր ածու կ՛արձագանգեն դեռ ճիչը մեր առաջին որբերուն: Այդ ճիչը թող մնայ վերջին վկայութիւնը որբերուն, իսկ որբերը մնան որբացած վերջին սերունդը ազգին:

Տիկ. Ագապի Նասիպեան–Էքմէքճեանին մեծարանքի երեկոն վերջ գտաւ խառն զգացումներու ալիքներու տակ: Ուրախ եւ գոհ էին բոլորը, որովհետեւ արժանին մատուցեր էին իրենց  սիրելի ուսուցչուհիին, բայց նաեւ տխուր էին, որովհետեւ չկար այլեւս Մելգոնեանը:

2

3

4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին