Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը Խոնարհում է Զոհերու Առաջ. Պունտեսթակի Պատգամաւոր

Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 101 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները մարդկութեան դէմ ամենածանր յանցագործութիւններէն է:

Գերմանիոյ Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի քննարկման ժամանակ այս մասին ըսած է Գերմանիոյ սոցիալ-դեմոկրատական խմբակցութեան անդամ Տիեդմար Նիեթանը: «Այն ժամանակ Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան դաշնակիցն ալ աչք փակած է այդ բոլորի վրայ: Ես կը խօսիմ Գերմանիոյ մասին: Բազմաթիւ երեխաներ, կանայք ու տղամարդիկ գիշերով հանուած են իրենց տուներէն ու բռնի քշուած անապատ: Իսկ ճանապարհին աւազակային խումբերուն թոյլ տրուած է յարձակիլ եւ խլել այն փոքր ունեցուածքը, որ այդ մարդիկ հասցուցած էին վերցնել իրենց հետ: Ատիկա այն ժամանակուան Օսմանեան Կայսրութեան առաջնորդներուն քաղաքականութիւնն էր, որուն նպատակն էր հայերու, ինչպէս նաեւ յոյներու եւ ասորիներու տեղահանումն ու ոչնչացումը»,- ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ըսած է պատգամաւորը:

Ան յստակացուց, որ իրենք դատարանին մէջ չեն գտնուիր, այլ Գերմանիոյ խորհրդարանին: «Ոչ մէկը դատապարտեալի աթոռին նստած չէ` ոչ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները, ոչ ալ Թուրքիոյ ժողովուրդը, որուն հետ մենք ունինք բարեկամական կապեր: Ասիկա ոչ թէ մեղադրանք է, այլ խոնարհում ցեղասպանութեան զոհերուն առջեւ: Մեր երկիրը ժամանակին աչք փակած է այդ վայրագութիւններուն վրայ, այսօր մենք կը փափաքինք մեր խոնարհումը տալ անմեղ զոհերու յիշատակին: Ատոր համար հարկաւոր է ճիշդ բառերով ըսել, թէ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 101 տարի առաջ: Այս յստակութեան չափազանց երկար սպասած են այդ զոհերուն ժառանգները»,- ընդգծած է Նիեթանը:

Ան գործընկերներուն կոչ ուղղեց չմտածել, որ, արտասանելով ցեղասպանութիւն բառը, կը վիրաւորեն թուրք ժողովուրդը: «Պայքարեցէք անոր համար, որ կրնաք այդ բառը հնչեցնել, որովհետեւ ատիկա պատասխանատւութեան հասնելու միակ ուղին է: Թուրքիոյ երիտասարդները արդէն  աւելի շատ կը խօսին այս թեմային մասին,  որ նոր յոյսեր կու տայ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու հաշտեցման»,- եզրափակած է պատգամաւորը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին