Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Պիտի Հաստատուի Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Կարգ

Հայաստանի եւ Իրանի կառավարութիւններու միջեւ կը նախատեսուի ստորագրել քաղաքացիներու` առանց մուտքի արտօնագիրի (վիզա) այցելութիւններու մասին համաձայնագիր:

Փաստաթուղթին հաւանութիւն տալու մասին հարցը ընդգրկուած է ՀՀ կառավարութեան Յունիս 2-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Հիմնաւորման համաձայն համաձայնագիրի ստորագրումը կը բխի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները խթանելու, փոխշահաւէտ տնտեսական, առեւտրային եւ այլ կապերը ամրապնդելու անհրաժեշտութենէն:

«Համաձայնագիրին նպատակն է կանոնակարգել երկու պետութիւններու քաղաքացիներուն փոխադարձ այցելութիւններու կարգը: Ան կը սահմանէ, որ երկու պետութիւններուն քաղաքացիները սովորական եւ դիւանագիտական անձնագիրերով առանց մուտքի արտօնագրի կրնան մուտք գործել, տարանցմամբ անցնիլ, դուրս գալ եւ գտնուիլ իրար պետութիւններու տարածքին վրայ` առաւելագոյնը 90 օրեր ժամկէտով` 180 օրուան ընթացքին:

Համաձայնագիրի ստորագրումը պիտի խթանէ նաեւ երկկողմ զբօսարջութիւնը եւ պիտի ստեղծէ աւելի նպաստաւոր պայմաներ՝ ՀՀ եւ ԻԻՀ քաղաքացիներու փոխադարձ այցելութիւններու համար», ըսուած է հիմնաւորման մէջ:

Մեկնելով վերոյիշեալէն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նպատակայարմար կը գտնէ համաձայնագիրի ստորագրումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին