*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Արդարութեան համար նախ կ՛ուզեմ հաստատել, որ մշտական ու անաչառ խորհրդատու բարեկամէ մը երէկ ստացած ել-նամակ մը՝ տուն տուաւ այս սիւնակին, որ քեզի հետ պիտի բաժնեմ սիրելի ընթերցող:
Շաբաթ մը առաջ ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամա պատմական այցելութիւն մը տուաւ Հիրոշիմա քաղաքը, յարգանքի տուրք մատուցանելու Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, ամերիկեան օդուժին արձակած հիւլէական ռումբի զոհ գացած ճափոնցի անմեղ քաղաքացիներուն… այցելելով ու ծաղկեպսակ տեղադրելով անոնց յիշատակին կառուցուած յուշակոթողին առջեւ:
Մեծահոգի նախաձեռնութիւն մը, որ քաղաքականէ աւելի բարոյական շահ մըն է ամերիկացի նախագահին ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ համայն մարդկութեան՝ ընդունելու պատմութեան մէջ գործուած սխալ մը… ինչպէս նաեւ դաս մը բոլորին՝ քաջաբար ընդունելու եւ սրբագրելու իրենց գործած սխալը, փոխանակ ուրանալու եւ ծածկելու զայն…:
Արարք մը, որ իմ կարծիքով պէտք է որպէս լաւագոյն դաս ծառայէ ամերիկայի այսօրուայ զինակից Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին…:
Էրտողան այսօր եթէ կը կ՛արծէ, որ Ծիծեռնակաբերդ պատմական այցելութիւն մը նախաձեռնելը քաղաքական վնաս է իրեն, ապա չարաչար եւ թրքավարի կը սխալի, որովհետեւ նման արարք մը բարոյական մեծ յաղթանակ մըն է իր ղեկավարած պետութեան, որուն հետեւանքները շատ աւելի արժէքաւոր կրնան ըլլալ՝ քան այն ենթադրելի քաղաքական վնասը, որ թուրք պետութիւնը կը կարծէ, թէ պիտի կրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պարագային…:
Կարելի՞ է նման վեհանձնութիւն մը ակնկալել թրքական պետութենէն: Դժուար է կրահելը, սակայն մէկ բան յստակ է, որ նման քայլ մը մեծ բեռ մը իջեցուցած պիտի ըլլայ թուրք ժողովուրդին կրնակէն՝ եթէ երբեք թուրք պետութիւնը մտահոգ է իր քաղաքացիներուն այդպիսի բան մը պարգեւելու..:
Մինչ դուն այս տողերը կը կարդաս, ես պիտի փորձեմ «Զարթօնք»ի եւ քու անունով սիրելի ընթերցող, այս բովանդակութեամբ նամակ մը գրել Էրտողանին…: Նայինք յետոյ ի՞նչ կ՛ըլլայ…: