Մայիս 28-ին Իրաքի մէջ Տհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Մայիս 28-ի յաղթանակին նուիրուած ձեռնարկ, որ յագեցած էր հայրենասիրական երգերով, ազգային պարերով եւ ասմունքով: Այս մասին Տհոքէն «Հայերն Այսօր»-ին կը յայտնէ Այգ Պետրոսեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Ռուբէն Սադոյեան, Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի անդամ Երուանդ Ամինեան եւ շարք մը այլ հայ եւ եզիտի հիւրեր:
Երեկոյթի աւարտին Տհոքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ տէր Մասիս քհն. Շահինեան, Տհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին խորհրդանշող յուշանուէր յանձնեց պրն. Ռուբէն Սադոյեանին:
Տէր Մասիս քհն. Շահինեան իր փակման ելոյթին մէջ մատնանշեց այն փաստը, որ Տհոքի հայութեան մեծամասնութիւնը հայախօս չէ, սակայն հոգիով հայ է:
«Կը փորձենք մշտապէս հայոց լեզուի եւ կրօնի դասընթանցքներ կազմակերպել, որոնց միջոցով կը յաջողինք աւելի խոր սերմանել հայու ոգին եւ մտածելակերպը մեր մանուկներուն մէջ», նշած է Տհոքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւը: